ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Նորութիւն մը պիտի մտցնէք ձեր կեանքին մէջ եւ անձնական հարց մը պիտի յաջողիք լուծել: Դէպքերը ձեզ ջզղային պիտի դարձնեն: Մի՛ աճապարէք խօսիլ, որպէսզի չզղջաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Մի՛ յամառիք եւ այլոց կարծիքը լսեցէք այս օրերուն: Մի՛ ծուլանաք, այլ աշխատեցէք սրբագրել ձեր սխալները եւ ձեր դիրքը գրաւել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Այսօր յարմար առիթ է ճշդելու ձեր նպատակները եւ կատարելու գործ մը, հետեւաբար ձեռնածալ մի՛ մնաք: Կը պատրաստուիք սերտել նոր ծրագիր մը կամ ճամբորդութիւն մը: Լաւ շրջան մըն է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Մթնոլորտը ճնշող է եւ պատասխանատուութիւնը` մեծ: Կարեւոր կապուածութիւն մը պիտի ունենաք, կարելի չէ ձախողիլ: Արկածախնդրութեան մի՛ ենթարկէք ձեր դիրքը եւ անունը: Ճնշող, բայց կարեւոր շրջան մըն է:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Անհասկացողութիւն պիտի տիրէ այս օրերուն ձեր կեանքին մէջ: Ձանձրոյթ պիտի զգաք: Ձեր աշխատանքը պիտի ուշանայ կամ չեղեալ նկատուի: Կը փափաքիք հեռու մնալ առօրեայ աղմուկէն: Բացասական շրջան մըն է:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Դէպքերը արագ կը զարգանան: Ձեր ամբողջ աշխուժութիւնը պիտի վերագտնէք եւ ստանաք սպասուած պատասխանը: Պիտի ուրախանաք լուրով մը: Շատոնց սպասուած աշխատանք մը պիտի կատարէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Պիտի հետաքրքրուիք ձեր դրամները տնօրինելով: Ուղղամիտ եղէք դրամ սպառելու մէջ: Դրական շրջան մըն է: Այս ընթացքին շահ մը պիտի ապահովէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Թոյլ մի՛ տաք, որ կասկածի ենթարկեն ձեր կարողութիւնները: Քննարկեցէք եւ հասկցէք բոլոր մանրամասնութիւնները: Այլոց փորձառութենէն օգտուեցէք եւ կառչած մի՛ մնաք ձեր կարծիքին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Յարմար շրջան է ձեր դիրքը վերագտնելու եւ ամրապնդելու ձեր յարաբերութիւնները: Օգնութիւն խնդրեցէք կամ օգնութեան ձեռք երկարեցէք ուրիշներուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր աշխուժութիւնը պիտի վերագտնէք եւ պիտի սկսիք իրականացնել ձեր նոր նպատակը: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր ժամանակը լաւ դասաւորեցէք եւ յստակացուցէք ձեր առաջնահերութիւնները: Առիթ մի՛ տաք, որ ձեզ ջղայնացնեն: Կրնաք դիմադրել որեւէ մրցակցութեան, որովհետեւ բաւարար ներուժ ունիք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Դէպքերը յստակ եւ լաւատեսութեամբ կը տեսնէք: Հանդիպումները պիտի օգնեն ձեզի` ձեր գործին մէջ: Ձեր յարաբերութիւնները այլոց հետ բնականոնացուցէք: