Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Մարտ 1968)

Մարտ 14, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Մեզի Հետ
Լիբանանի Համար

Ընտրապայքարի եռեւեփ` Լիբանանի մէջ, ուր ժողովուրդը կը պատրաստուի յաջորդական երեք կիրակիներու ընթացքին տալու իր վճիռը` գալիք չորս տարիներուն համար:

Երկրին քաղաքական բոլոր հոսանքները եւ կարկառուն անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ նոր ու խոստմնալի դէմքեր իջած են ընտրապայքարի, եւ այս` կատարեալ ազատութեան մթնոլորտի մը մէջ, որ կը հանդիսանայ հարազատ արտայայտութիւնը լիբանանեան հայրենիքին մէջ տիրող ժողովրդավարական եւ սահմանադրական կարգերուն:

Պայքարի մէջ է նաեւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ տասնամեակներ ամբողջ, մասնակցեցաւ բոլոր ընտրութիւններուն եւ, անկախ այն իրողութենէն, որ միշտ յաղթանակով պսակեց իր կուռ շարքերուն եւ համակիրներու լայն զանգուածին անսակարկ զոհողութիւններն ու ճիգերը, հաստատեց բարեբաստիկ ներկայութիւն մը, որ մեծապէս գնահատուեցաւ թէ՛ այս երկրին վարիչներուն եւ թէ՛ ժողովրդական զանգուածներուն կողմէ:

Ընտրութիւնները այն առիթներն են, որոնք պարբերաբար կը տրուին քաղաքական կուսակցութիւններուն` թէ՛ քննութիւն տալու եւ թէ՛ մանաւանդ չափելու համակրութեան այն աստիճանը, որ ունին ժողովուրդին մէջ` իբրեւ հանրանուէր կազմակերպութիւն:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը միշտ պատուով դուրս եկաւ այս քննութենէն եւ խոր գոհունակութեամբ հաստատեց, որ ժողովուրդը, իր առողջ դատողութեամբ, լաւը վատէն, օգտակարը վնասակարէն, հիմնականը երրորդականէն զանազանելու, իր վստահութիւնն ու համակրանքը լաւագոյն եղանակով արտայայտելու ուղիղ ճամբան կը գտնէ` ամուր կենալով կուսակցութեան մը կողքին, որուն հարազատութիւնը կը զգայ, անշահախնդիր ու բոլորանուէր ծառայութիւնը կը գնահատէ, ու մանաւանդ` ՃԻՇԴ ԿԸ ԳՏՆԷ ԱՆՈՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ, ԱՅՍ ԵՐԿՐԻՆ ՎԵՐԵԼՔԻՆ ՈՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ` ԱՆՈՐ ՑՈՒՑԱԲԵՐԱԾ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ:

Իր անհամար յաղթանակներուն գինովութիւնը չունի մեր կուսակցութիւնը: Ըսած ենք այլ ընտրութիւններու առիթով ու կը կրկնենք նաեւ այսօր, երբ մեր հաւատաւոր ընկերներն ու համակիրները գործի լծուած են դարձեալ` յաղթանակի նոյն վճռակամութեամբ: Քաղաքական կուսակցութիւն մը, որ այս երկրին մէջ, փառաւոր յաղթանակներու շքեղ անցեալ մը ունի, յաղթանակէն աւելի, յաղթանակէն անդին, որ ինքնին գեղեցիկ է ու առինքնող, ԿԸ ՁԳՏԻ ԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱԼՈՒ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՆՊԱՏԱԿԻՆ:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը գիտէ, հաստատած է, թէ ինչ որ այս երկրին մէջ շահած է իբրեւ կազմակերպութիւն, իբրեւ օրինապահութիւն, իբրեւ կարգապահութիւն եւ բոլոր այն արժանիքները, որոնք կը յատկանշեն իր երկարամեայ բեղուն գործունէութիւնը, աւելիով կ՛երթայ հայ ժողովուրդին, որուն ծառայելու բարձր կոչումը ունեցած է եւ ունի այսօր:

Մեր կուսակցութիւնը, ինչպէս` նախորդ ընտրութիւններուն, այս անգամ եւս ընտրած է իր պայքարի ընկերները, որոնց հետ ամբողջական գործակցութեան ուխտով իջած է ասպարէզ` տարիներու իր փորձառութեան, հմայքին ու վայելած լայն ժողովրդականութեան անփոխարինելի դրամագլուխով:

Պայքարի իր ընկերները` քաղաքական կուսակցութիւններ եւ հայրենասէր ու ականաւոր անձնաւորութիւններ, որոնք իրեն պէս ու իրեն հետ կը հաւատան Լիբանանի ժողովրդավար եւ խորհրդարանական կարգերուն, ջերմեռանդ պաշտպանն են այն ազատութիւններուն, որոնց օրրանն է այս երկիրը, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան այն ովասիսին, որ լիբանանեան հայրենիքն է, իր հիմերը ամուր նետած ազգային միութեան անփշրելի խարիսխին վրայ:

Այս պայքարին մէջ, ինչպէս` բոլոր պայքարներուն, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը մղած է իր գաղափարներուն յաղթանակին եւ իր քաղաքական ուղղութեան անշեղ հաստատումին համար, հայ ժողովուրդը մեզի հետ է:

Մեզի հետ է` իր գերագոյն շահերուն համար:

Մեզի հետ` իր անդորրութեան եւ խաղաղութեան համար:

Մեզի հետ, վերջապէս` լիբանանեան հայրենիքին զօրացման եւ բարգաւաճման հիմնական ձգտումով:

 

Պէյրութի Առաջին Ընտրաշրջանին Մէջ

ՀՅԴաշնակցութեան Թեկնածուները
Ընտրուեցան Առանց Մրցակիցի

Ընտրապայքարը Պիտի Շարունակուի Մեր Ցանկակիցներուն Յաղթանակին Համար
Երէկ, Մինչեւ Կէս Գիշեր, Պէյրութի Եւ Հիւսիսային Լիբանանի Մէջ 26 Հոգի Քաշեցին Իրենց Թեկնածութիւնը

Պէյրութի եւ հիւսիսային Լիբանանի ընտրական շրջաններուն մէջ դիրքերը վերջնականապէս յստակացան: Երէկ, կէս գիշերին, լրացաւ օրինական պայմանաժամը` թեկնածուներու քաշուելուն:

ՀՅ Դաշնակցութեան Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանին երեք թեկնածուները` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան եւ Սուրէն Խանամիրեան ընտրուեցան առանց մրցակիցի, չորրորդ թեկնածուն` Աբրահամ Գազանճեան քաշած ըլլալով իր թեկնածութիւնը:

Այսպիսով, լիբանանեան ապագայ երեսփոխանական ժողովը ունեցաւ իր չորս առաջին երեսփոխանները, որովհետեւ հայ կաթողիկէ թեկնածուն` Ժոզեֆ Չատեր եւս ընտրուած էր արդէն առանց մրցակիցի:

Նախորդ ընտրութիւններուն եւս մեր կուսակցութեան թեկնածուները Պէյրութի մէջ ընտրուած էին առանց մրցակիցի: Բայց այս անգամ պարագան կը տարբերի այն իրողութեամբ, որ 1964-ին, ամբողջ ցանկը ընտրուած էր առանց քուէարկութեան: Ներկայիս Դաշնակցութեան եւ Փաղանգաւորներու միացեալ ցանկին դէմ կը մնան մարոնի, յոյն-օրթոտոքս, յոյն-կաթողիկէ եւ աւետարանական թեկնածուներ, հետեւաբար ընտրապայքարը կը շարունակուի մեր կուսակցութեան համար, որ բուռն թափով աշխատանքի լծուած է ապահովելու համար իր ցանկակիցներուն յաղթանակը, ինչպէս պիտի ընէր, եթէ իր թեկնածուները մրցակից ունենային:

Արդարեւ, Պէյրութի մեր ցանկին մարոնի թեկնածու շէյխ Փիեռ Ժեմայէլի դէմ պայքարի իջած է Սելիմ Ուաքիմ, նոյն ցանկին յոյն-օրթոտոքս թեկնածուին` Ֆուատ Պութրոսի մրցակիցն է Միշէլ Սեսին, յոյն-կաթողիկէ թեկնածու Անթուան Սեհնաուիի մրցակիցը` Նասրի Մաալուֆ, աւետարանական թեկնածուին մրցակիցները` Շարլ Սաատ եւ Երուանդ Լոշխաճեան:

Կասկած չկայ, որ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ լիբանանեան Փաղանգաւորներու միացեալ ճիգերով եւ պայքարով կիրակի, 24 մարտին, մեր ցանկին յաղթանակը պիտի ըլլայ ամբողջական:

Որոնք Քաշուեցան

Երէկ, մինչեւ կէս գիշեր, 126-ի վրայ 26 թեկնածու քաշուեցաւ:

Քուէարկողներու Ուշադրութեան

Պէյրութի առաջին ընտրաշրջան (Մըտաուուար, Էշրեֆիէ, Ռըմէյլ, Սէյֆի, Մինաթ էլ-Հոսն) կամ Պուրճ Համուտ քուէարկող հայրենակիցներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, որ պատռած կամ կէսէն երկուքի բաժնուած ինքնութեան թուղթերով կարելի չէ քուէարկել:

Կը խնդրուի բոլոր անոնցմէ, որոնք հինցած եւ նորոգութեան կարօտ ինքնաթուղթեր ունին, դիմեն իրենց բնակած շրջաններուն ակումբները, ուր ամէն օր, ժամը 7-9 պատասխանատու անձեր յանձն կ՛առնեն 24 ժամուան ընթացքին նորոգել անձնաթուղթերը, որոնց պէտք է ընկերանան 3 նկար:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ. Սպանիոյ Ժառանգութեան Համար Համաեւրոպական Պատերազմը Եւ Քաթալանիոյ Նուաճումը Պուրպոններուն Կողմէ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?