ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ
Խանդավառ կ’երեւիք: Մեծ կարողութիւն եւ ներուժ ունիք աշխատելու: Նոր ծրագիրի մը իրագործման համար արտօնութիւն պիտի ստանաք: Ձեր ժամանակը մի՛ կորսնցնէք: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Թոյլ մի՛ տաք, որ ձեզ խաբեն: Շողոքորթութենէ հեռու մնացէք: Մի՛ սպառէք ձեր դրամները, այլ քննեցէք մանրամասնութիւնները:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Անակնկալ հանդիպում մը կամ հեռաձայնային կապ մը պիտի ունենաք: Շահ մը պիտի արձանագրէք: Յարմար շրջան է` քննութիւններ տալու եւ ուսումնասիրութիւններ կատարելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր բախտը պիտի լաւանայ: Լուսինը թոյլ կու տայ, որ ճամբորդէք կամ ձեր նպատակը իրագործէք: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է եւ ամէնէն բախտաւորը: Մի՛ կորսնցնէք ձեր ժամանակը:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Նոր պատասխանատուութիւն մը պիտի ստանաք: Նոր գործ մը յանձն պիտի առնէք կամ ծրագիր մը սկսիք: Անձնական հետաքրքրութիւններ ունիք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Հեռու մնացէք վիճաբանութենէ: Բարելաւեցէք ձեր ընտանեկան եւ աշխատանքային յարաբերւթիւնները: Կարեւոր ժամադրութիւն մը պիտի ունենաք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ժամանակը յարմար չէ` ծրագիր մը սկսելու կամ խնդիր մը վճռելու: Ուշացումէ կը տառապիք: Ուշադիր եղէք` ձախողութենէ, գողութենէ եւ հիւանդութենէ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ուրախ պիտի ըլլաք: Աւելի լաւ դիրքի պիտի հասնիք: Անցեալի ցաւոտ էջերէն մէկը ձեր կամքով պիտի փակէք: Յաջողութիւն պիտի արձանագրէք ձեր գործին մէջ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Նիւթական հարց մը պիտի քննարկէք: Հեռու մնացէք պարտքերէ: Իւրայատուկ փորձառութիւն մը պիտի ապրիք եւ ձեր շրջապատին հետ պիտի հաղորդակցիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Մթնոլորտը դրական դարձնելու համար մի՛ վարանիք այցելութիւն մը տալու կամ հեռաձայնային կապ մը հաստատել: Զանազան հանդիպումներ պիտի ունենաք: Կը վայելէք կորով եւ մտային մեծ կարողութիւն:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Մի՛ մեղադրէք կամ քննադատէք ձեր սիրելիները: Ընտանեկան եւ անձնական հարցի մը համար պիտի տագնապիք: Կացութեան տրամաբանութեամբ նայեցէք: Փորձեցէք գտնել միջոցներ, որոք կը պաշտպանեն ձեր շահերը:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր իրաւունքը պաշտպանեցէք ուժգնութեամբ: Յաջող քննարկումներ եւ հանդիպումներ կրնաք կազմակերպել: Պիտի մասնակցիք համագումարի կամ աշխատանքային հանդիպումներու: