ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Կարեւորութիւն մի՛ տաք ոմանց տարածած լուրերուն եւ տեղեկութիւններուն. կրնան ճիշդ չըլլալ: Անձնական կամ տնային որոշ փոփոխութիւններ պիտի կատարէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Տեղի ունեցած քննարկումները ձեզի պիտի հասցնեն երջանիկ արդիւնքի: Համարձակ եղէք ու մի՛ վախնաք այլոց հակազդեցութիւններէն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ելոյթ պիտի ունենաք հանրութեան առջեւ եւ ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնաք: Ուշադիր եղէք սիրային վէճէ մը կամ կարգ մը յարաբերութիւններու անկումէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Որոշումներ մի՛ առնէք. վերապահ եղէք: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք, այլ ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Աշխատանքի նոր կերպերու պիտի ծանօթանաք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Օրը յարմար է կարգ մը հարցեր կարգաւորելու եւ հին առարկաներ դասաւորելու: Պատմութեամբ եւ հնութիւններով շատ հետաքրքրուած էք: Ուրախ պիտի ըլլաք գալիք օրերուն:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Այս երկու օրերը յարմար են հանդիսութիւն մը կազմակերպելու կամ բարեկամներ ճաշի հրաւէր տալու: Փորձեցէք ձեզմէ փոքրերուն ալ կարծիքը լսել, անոնք կրնան լաւ գաղափարներ ունենալ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Պիտի այպանուիք, որովհետեւ միայն աշխատանքով տարուած էք` մոռնալով զգացմունքներն ու յոյզերը: Ժամադրութիւն մը պիտի յետաձգէք, բայց աշխուժօրէն առաջ պիտի տանիք ներդրումային ծրագիր մը:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Դրական կացութեան մէջ կը գտնուիք: Լաւ լուրերով պիտի ուրախանաք, բայց հեռու մնացէք արկածախնդրութիւններէն: Ձեր գործերէն մէկուն համար պիտի տագնապիք, եւ ձեր ուզածին պէս պիտի չընթանայ ամէն բան:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Կատարեալին կը ձգտիք եւ կը քննէք մանրամասնութիւնները ամէն ինչի մէջ, բայց յիշեցէք, որ հանգիստ ապրելու համար երբեմն պէտք է աչք գոցել որոշ մանրուքներու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Այս օրերուն խօսելէն աւելի մտիկ ըրէք: Մի՛ յետաձգէք ձեր գործերը նոյնիսկ եթէ ձեզմէ ճիգ ու ժամանակ խլեն:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր արձանագրած յաջողութեան համար ձեր մասին պիտի խօսին: Ժամանակ մի՛ կորսնցնէք այս շրջանին: Կարեւոր լուր մը պիտի ստանաք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Պիտի զղջաք ձեր վերաբերմունքին համար եւ այն անկեղծութեան, որ ցուցաբերած էք անոնց, որոնք արժանի չէին: Վերատեսութեան պիտի ենթարկէք ձեր յարաբերութիւնները:
