Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արդեօք Պէ՞տք Է Զգուշանանք Ցուրտէն

Փետրուար 24, 2018
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Երկրագունդի հիւսիսային կիսագունդին մէջ ձմրան օդը ցուրտ կ՛ընէ: Մեր մարմինը ինչպէ՞ս կը հակազդէ այդ ցուրտին, եւ մինչեւ ո՞ր աստիճան ան կրնայ տոկալ այդ ցուրտին:

Առանց հագուստի մարդ արարածը չի կրնար ապրիլ – 15 աստիճան ջերմաստիճանէն աւելի վար ցուրտին: Ցուրտին ազդեցութեան տակ մեր մարմինը պաշտպանողական բազմաթիւ քայլեր կ՛առնէ:

Նախ եւ առաջ մորթին տակ արիւնի երակները կը կծկուին եւ արիւնը կը ղրկեն մարմնին ներքին բաժինները:

Ապա մեր մարմնին բարակ թել մազերը  կը կանգնին կազմելու համար մեր մորթը մեկուսացնող օդի խաւ մը:

Մեր սիրտը կը սկսի աւելի արագ տրոփել` արիւնը հասցնելու համար մեր էական գործարաններուն:

Մեր մարսողութիւնը կ՛արագանայ տաքութիւն յառաջացնող անհրաժեշտ ածխաջրերը (կլուսիտ), սպիտակուցները (փրոթէին) եւ իւղերը հաւաքելու համար:

Այս բոլոր գործողութիւններուն նպատակն է մեր մարմինը 37 աստիճան ջերմաստիճանի վրայ պահել, որովհետեւ ցուրտը կրնայ դարմանել եւ նոյն ատեն մահուան պատճառ դառնալ: Ան կրնայ արիւնահոսութիւնները դադրեցնել: Ան կրնայ նաեւ ցաւը նուազեցնել կամ շատ աշխատած մկանները եւ յօդերը հանդարտեցնել, ինչպէս, օրինակի համար, մարզիկներու պարագային:

Սակայն սաստիկ ցուրտին մեր մարմինը երկար ատեն չի կրնար տոկալ: Օրինակի համար, երբ մենք – 28 աստիճան ցուրտը կը զգանք, այդ ցուրտին ազդեցութեան տակ գտնուող մորթը կրնայ սառիլ 10-30 վայրկեանէն: Երբ մենք դուրսը կը գտնուինք շատ ցուրտ օդին, շատ կարեւոր է, որ մենք ծածկենք մեր մարմնին ծայրի բաժինները: Մեր գլուխը, որ մեծ քանակով տաքութիւն կը կորսնցնէ, սակայն նաեւ` ձեռքերն ու ոտքերը: Երբ մեր մարմինը ցուրտին կը հակազդէ, արիւնը կ՛ուղղուի ներքին գլխաւոր գործարանները (լեարդ, սիրտ, թոքեր…), հետեւաբար սիրտին ամէնէն հեռու գտնուող գործարանները (ձեռքերը եւ ոտքերը) նուազ արիւն կը ստանան: Կարծէք` մարմինը այդ գործարանները կը զոհէ:

***

Գիտէի՞ր, որ գոյութիւն ունի ջերմաստիճան մը, ուր ամէն ինչ կը կենայ, նիւթը կ՛անշարժանայ: Նիւթերը կազմող անդամներուն եւ մասնիկներուն արագութիւնը կ՛ոչնչանայ: Այս ջերմաստիճանը – 273,15-ն է. անիկա կը կոչուի բացարձակ զերօ: Այդ ջերմաստիճանէն աւելի ցուրտ օդ չկայ: Այս պատճառով է, որ երկու դարէ ի վեր գիտնականները կը փորձեն այս բացարձակ զերոյին հասնիլ: Ասիկա իրականացնելու համար անոնք կը գործածեն լէյզըրներ, որոնք կարելիութիւնը կու տան մասնիկները գրեթէ ամբողջովին անշարժեցնելու: Սակայն մինչեւ այսօր տակաւին ամբողջովին չեն յաջողած: Բացարձակ ցուրտը կը պահէ տակաւին իր գաղտնիքները:

 

Կ՛ուզէի՞ք Թայթանիքը Այցելել

14-15 ապրիլ 1912-ի գիշերը Թայթանիք ճամբորդատար նաւը Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ կը զարնուի մեծ սառցալերի մը: Նաւը երկուքի կը բաժնուի եւ կ՛ընկղմի մօտաւորապէս 4000 մեթր խորութեամբ:

Այդ թուականէն ի վեր, այս առասպելական նաւը, որ սկզբունքով չէր կրնար ընկղմիլ, քաշողական մեծ ուժ կը բանեցնէ բազմաթիւ անձերու վրայ: 1997-ին շարժապատկեր մը ներկայացուց անոր ահաւոր պատմութիւնը, միակ ճամբորդութիւնը, որուն ընթացքին մօտաւորապէս 1500 անձեր մահացան:

Թայթանիքին մնացորդները գտնուեցան 1 սեպտեմբեր 1985-ին: Բազմաթիւ առիթներով մարդամեքենաներ իջան ովկիանոսին յատակը` այդ մնացորդները ուսումնասիրելու եւ նկարելու:

Սակայն այս մնացորդները սկսած են փճանալ եւ, ըստ կանխատեսումներու, անոնք կրնան ամբողջովին անհետանալ 20 տարիէն: «Օշըն Կէյթ» ամերիկեան ընկերութիւնը կ՛առաջարկէ իջնել եւ «այցելել» եւ տեսնել առասպելական նաւուն մնացորդները` այս յատուկ նպատակին համար պատրաստուած ընդծովեայով մը:

Այս առաջարկը կը հետաքրքրէ՞ ձեզ: Մէկ շաբթուան ճամբորդութեան տոմսը աւելի քան 130 հազար տոլար կ՛արժէ: Հետեւաբար, եթէ հետաքրքրուած էք, սկսեցէք յատուկ մարզանքներու` կազմ պատրաստ ըլլալու 27 յունիսէն 8 յուլիսի ճամբորդութեան համար:

 

Փոքրիկ Աստղանաւո՞րդ

Ճաք 9 տարեկան փոքրիկ ամերիկացի մանչ մըն է: Ան պատասխանած է ամերիկեան անջրպետի գործակալութեան` ՆԱՍԱ-ի ծանուցումներէն մէկուն: Իր նամակին մէջ Ճաք բացատրած է, թէ ինչո՛ւ ինք շատ լուրջ թեկնածու մըն էր գործակալութեան մոլորակներու պահպանութեան սպայի պաշտօնին համար: «Իմ քոյրս կ՛ըսէ, որ ես արտերկրային էակ մըն եմ, հետեւաբար ես շատ լաւ ծանօթ եմ անջրպետին եւ արտերկրային էակներու վրայ բազմաթիւ ժապաւէններ տեսած եմ»:

Ճաք այդ պաշտօնը չստացաւ, որովհետեւ բաւարար փորձառութիւն չունէր մոլորակներու պահպանութեան մարզին մէջ, գիտնալով, որ մոլորակներու պահպանութիւնը չի նշանակեր արտերկրային էակներու դէմ պայքարիլը, այլ` պահպանում հիւանդութիւններ պատճառող մանրէներու դէմ:

Սակայն, հակառակ ասոր, ՆԱՍԱ-ն հեռաձայնած է Ճաքին` անոր հետաքրքրուելուն համար շնորհակալութիւն յայտնելու եւ զայն քաջալերելու, որ շարունակէ շատ լաւ աշխատիլ դպրոցը` օր մը անջրպետի գործակալութեան մէջ աշխատելու համար:

 

Մարդամեքենան` Նուագախումբի Ղեկավար

Արդեօք մարդամեքենաները կրնա՞ն ամէն տեսակի գործ կատարել…

Այս հարցումին պատասխաններ կը փորձէ գտնել Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած մարդամեքենաներու միջազգային փառատօնը, որուն եզրափակիչ դասական երաժշտութեան նուագահանդէսը ղեկավարուած էր… մարդամեքենայի մը կողմէ:

Մարդամեքենան իսկական նուագախումբի ղեկավարի մը նման վարուեցաւ` իր թեւերը երաժշտութեան հետ ներդաշնակութեամբ շարժելով:

 

Արհեստավարժներու Լողաւազան

Աշխարհի ամէնէն խորունկ լողաւազանը կը գտնուի Իտալիոյ մէջ: Անիկա կոչուած է «Տիփ ճոյ» (խորունկ ուրախութիւն) եւ ունի 40 մեթր խորութիւն…

Դո՞ւն ալ կ՛երազես անոր ջուրերուն մէջ լողալ: Դժբախտաբար մեզի համար ասիկա անկարելի է: Անիկա յատկացուած է միայն արհեստավարժ լողորդներու, որոնք հոն կը մարզուին: Սակայն այցելուներ կրնան դիտել այս լողորդները` ապակիով օժտուած ընդծովեայ քարայրի մը ընդմէջէն: Անիկա կը նմանի հսկայական աքուարիոմի մը, ուր ձուկերու փոխարէն` մարդիկ կը լողան:

 

Անհաւատալի, Բացյ Իրա՛ւ

Գիտնականները գտած են մնացորդները նախապատմական կարիճի մը, որուն մեծութիւնը կը հասնէր մարդու հասակին:

Կարգ մը թռչուններ տակաւին հաւկիթներուն մէջ գտնուող իրենց ձագերուն հետ «կը խօսին»:

Այծերը մարդոց հետ կը հաղորդակցին անոնց աչքերուն մէջ նայելով:

Շերեփուկները կրնան ջուրին մէջ ապրիլ մինչեւ երկու տարի:

Առաջին անասունները, որոնք անջրպետ ղրկուեցան, պտուղի մանր ճանճեր էին:

 

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

 

Կրնա՞ս գտնել գանձին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել պատկերը` հետեւելով տուփիկներուն:

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (24 Փետրուար 1968)

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայ Կնոջ Ձեռքերը

RelatedPosts

Հետաքրքրական.  Առաջին Անգամ Ըլլալով` Մժեղներ Իսլանտայի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հետաքրքրական. Առաջին Անգամ Ըլլալով` Մժեղներ Իսլանտայի Մէջ

Դեկտեմբեր 6, 2025
Ինչի՞ Կը Ծառայեն Յուզումները
Մանկապատանեկան

Ինչի՞ Կը Ծառայեն Յուզումները

Նոյեմբեր 29, 2025
Վարդագոյն Եւ Ջինջ Իւրայատուկ Ադամանդ Մը
Մանկապատանեկան

Վարդագոյն Եւ Ջինջ Իւրայատուկ Ադամանդ Մը

Նոյեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?