ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Թոյլ մի՛ տաք, որ ձեզ օգտագործեն եւ յոգնեցնեն: Ձեր ծրագիրները պիտի յաջողին, ու դուք ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնաք, բայց դժբախտաբար ձեր գաղտնիքները պիտի բացայայտուին:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Նոր հարցերը պիտի դիմագրաւէք` լռութեամբ ու հանդարտութեամբ: Պիտի տեսակցիք անձի մը հետ եւ քննարկէք նոր ծրագիրներ, որոնք յառաջիկայ օրերուն իրականութիւն պիտի դառնան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Պիտի տատամսիք որոշումի կամ ընտրութեան մը համար: Այս երկու օրերուն հեռու մնացէք անպէտք խօսակցութիւններէ: Վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր հաշիւները:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Այս օրերուն ճամբորդութեան առիթ մը պիտի ունենաք կամ յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Նոր բարեկամութիւններ պիտի մշակէք: Արժէքաւոր օգնութիւն մը պիտի ստանաք ձեր շրջապատէն:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Կը փափաքիք ճամբորդել կամ փոխել ձեր տունը կամ աշխատանքի վայրը: Ձեր համբերութիւնը պիտի կորսնցնէք, բայց նիւթական շահ մը մոռցնել պիտի տայ ամէն դժուարութիւն:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր շրջանակէն մէկը պիտի վիրաւորէք խօսքով: Նախընտրելի է չդիմադրէք, սպասեցէք, մինչեւ որ կացութիւնը հանդարտի:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Այս անգամ ձեր սրտին հետեւեցէք եւ անոր ցոյց տուածը ընտրեցէք: Շուտով գաղտնիքներ պիտի բացայայտուին, եւ մութ երեւոյթները լոյսին պիտի գան:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Աւելորդ ժամանակ պիտի տրամադրէք ձեր աշխատանքը աւարտելու համար: Ներկայ պիտի ըլլաք կարեւոր ժողովներու: Շատ մի՛ հաւատաք ձեր տպաւորութիւններուն, որովհետեւ անոնք կրնան ճիշդ չըլլալ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Պիտի հանդիպիք ձեր սիրեցեալին: Բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ, մի՛ վախնաք: Պիտի յաղթահարէք ձեր դիմաց գտնուող դժուարութիւնները:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Նոր բարեկամութիւն մը կամ նոր սէր մը պիտի ապրիք: Անիկա դեր պիտի ունենայ ձեր ապագայ կեանքին մէջ: Անցեալին հանդէպ կարօտ մը ունիք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր սովորական շրջապատէն դուրս ելէք: Նոր հորիզոններ ճախրեցէք: Ետեւ մի՛ դառնաք, այլ մտածեցէք ապագային մասին: Ձեր նպատակին հասնելու մասին մտածեցէք հանդարտօրէն:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Նիւթական շահ մը պիտի արձանագրէք: Հոգէ մը պիտի ազատիք: Ձեր կասկածները պիտի փարատին: Նոր տեղեկութիւններ պիտի իմանաք, որոնք օգտակար պիտի ըլլան ձեր ծրագիրի իրագործման համար:
