ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Դժուարութեամբ պիտի համակերպիք փոփոխութեան ենթարկուած կացութեան: Զիջումներ պիտի կատարէք կամ պիտի ընդունիք փոխուած որոշ պայմանները` ծրագիրի մը շուրջ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Վիճաբանութենէ հեռու մնացէք: Ժամանակ յատկացուցէք հանգստանալու, հեռու` ըսի-ըսաւներէն: Սիրային մթնոլորտ մը պիտի տիրէ, եւ ոսկի առիթ պիտի ունենաք, եթէ ամուրի էք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Սիրային հանդիպում մը պիտի ունենաք կամ պիտի ստորագրէք պայմանագիր մը: Լուսինը այս օրերուն պիտի ապահովէ ձեր աշխուժութիւնը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Յարմար ժամանակ է` նոր միտքեր յառաջ բերելու կամ ծրագիր մը սկսելու: Յատուկ առիթ մը պիտի ունենաք հին հարց մը լուծելու: Ձեր պատասխանատուութիւնները պիտի աւելնան:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Նիւթական դժուար պայմաններու մէջ պիտի յայտնուիք: Վերատեսութեան պիտի ենթարկէք ձեր հաշիւները կամ նոր ծրագիր մը պիտի մշակէք: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ, որ խմբական դրութեամբ աշխատիք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Մի՛ աճապարէք գնելու կամ ծախելու արարքին մէջ: Ձեր ընկերներուն կարծիքը առէք որեւէ գործ ձեռնարկելէ առաջ: Որոշում տալու մէջ աճապարանքը կը վնասէ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Լաւ անուն ձգած էք ձեր շրջապատին մէջ: Շատ լաւ գիտէք` ի՛նչը ձերն է, եւ ի՛նչը ձեր պարտականութիւնն է: Յաջող քննարկումներ պիտի ունենաք ձեր գործին մէջ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Հին հարցեր մէջտեղ պիտի դնէք եւ հաստատէք, որ չէք կրնար անցածը շտկել: Դուք եւ ձեր շուրջինները ստիպուած էք ընդունելու կացութիւնը եւ զայն յաղթահարելու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեզմէ պահանջուած պարտականութիւնը կատարելու համար պէտք ունիք հանդարտ միջավայրի: Ձեր ստացած օժանդակութիւնը օգտագործեցէք` ձեր աշխատանքները առաջ մղելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր փափաքածը պիտի գտնէք: Ճնշումներէ պիտի հանգստանաք, եւ ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարելաւուի: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Արկածախնդիր մարդիկ ձեր ուշադրութիւնը պիտի գրաւեն: Զգուշ եղէք, գալիք օրերուն վտանգի պիտի ենթարկուիք: Գրաւի մի՛ գաք, կրնաք յուսախաբ ըլլալ: Դանդաղ քալեցէք ձեր աշխատանքին մէջ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Հին սիրածէ լուր մը պիտի նեղացնէ ձեզ: Տեղքայլ եղած աշխատանքի մը մասին պիտի քննարկէք: Հանդարտութեամբ ծրագրեցէք եւ մի՛ աճապարէք որոշում տալու համար:
