Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատը կը ստորագրէ արտօնութեան համաձայնագիր մը` Milestones ընկերութեան հետ
Պէյրութ, Լիբանան (30 յունուար 2018) – Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատը եւ Milestones ընկերութիւնը ստորագրած են Համբաւի ճեմուղին (Walk of Fame) Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծելու համաձայնագիը: Հոլիվուտի Համբաւի ճեմուղին միջազգայնօրէն ճանչցուած հոլիվուտեան խորհրդանիշ է: Տարեկան մօտաւորապէս 24 աստղերու հանդիսութիւններ կը սփռուին աշխարհին մէջ, հանրութեան մատուցուող մշտական ամրապնդումը Համբաւի ճեմուղին դարձուցած է աշխարհի լաւագոյն այցելութեան վայրերէն: Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատը կը շարունակէ աստղեր աւելցնել Համբաւի ճեմուղիին վրայ: Այս համաձայնութեամբ առիթ կը ստեղծուին Միջին Արեւելքի մէջ ականաւոր մեծարեալներուն` ճանչցուելու իրենց երկիրներուն մէջ: Ատիկա պիտի ըլլայ պատիւ մը բոլոր անոնց, որոնք բացառիկ նուաճումներ արձանագրած են:
«Մենք շատ խանդավառ ենք` համագործակցելու Milestones ընկերութեան հետ», ըսաւ Լերոն Կիւպլեր` Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատին նախագահը: «Milestones-ի հետ համագործակցութիւնը առիթ մը պիտի ըլլայ, որպէսզի Համբաւի ճեմուղին հասնի նաեւ այլ շրջաններ եւ իրականացնէ ամբողջ աշխարհին մէջ համբաւաւոր անձերը ճանչնալու մեր առաքելութիւնը»:
«Այս համաձայնութիւնը իբրեւ օրինակ կը ծառայէ համայնքներու ճանաչման եւ խթանման փոխադարձ նուիրումին», ըսաւ Ալպերթ Փամպուքեանը` Milestones ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնը: «Մենք անհամբեր ենք ծրագիրը իրականացնելու Միջին Արեւելքի մէջ եւ տարածելու մեր միացեալ առաքելութիւնը»:
Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատ
Աւելի քան 95 տարուան ընթացքին Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատը մատուցած է ծրագիրներ եւ ծառայութիւններ` ղեկավարութեան, պիզնեսի զարգացման միջոցներու, հաղորդակցութեան եւ կառավարական գործերու մարզերուն մէջ, ապահովելու համար հոլիվուտեան պիզնեսի եւ համայնքներու անվտանգութիւնը, պատշաճութիւնը եւ տնտեսական աշխուժութիւնը: Հոլիվուտի Համբաւի ճեմուղին եւ Հոլիվուտի նշանը
Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատի արձանագրուած վաճառանիշներ են:
Milestones ընկերութիւնը
Աւելի քան 30 տարուան ընթացքին Milestones ընկերութիւնը մատուցած է նուիրուածութիւն եւ յանձնառութիւն` ուշագրաւ լուծումներ տրամադրելու կազմակերպութիւններու, համայնքներու եւ կառավարութիւններու համար: Համաշխարհային համագործակցութիւններու եւ գործընկերներու միջոցով հաստատուած է նշանաւոր համբաւ մը: Milestones ընկերութիւնը նուաճումները վերածած է շօշափելի բարելաւման` մարդոց կեանքերուն վրայ եւ շրջակայ միջավայրի բարօրութեան համար:



