ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Տագնապալի օրեր պիտի ունենաք: Ճնշող շրջան մըն է: Փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Ձեր առողջական վիճակին ուշադրութիւն դարձուցէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր գործերը յաջողութիւն պիտի արձանագրեն: Ժամանակ տրամադրեցէք ձեր ընտանիքին: Աշխուժ եւ կայտառ շրջան մըն է` գործակցելու ձեր շրջապատին հետ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Մի՛ աճապարէք մեղադրելու ձեր շուրջինները: Ձեր տրամադրութիւնը փոփոխական է ու յարձակողական:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Սիրով եւ վստահութեամբ քննարկումներ կը կատարէք: Պայմանագիր մը պիտի ստորագրէք եւ ներկայ պիտի ըլլաք ժողովի մը: Դրական մթնոլորտ կը տիրէ ձեր շուրջը:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր աշխուժութեան մեծ մասը պիտի վերագտնէք: Պտոյտ մը պիտի կատարէք կամ պիտի միանաք խմբային աշխատանքի մը: Ձեր նիւթական վիճակին հոգ տարէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Համարձակ կեցուածք մը պիտի ունենաք: Լուսինը ձեր աստղին մէջն է: Ձեր որոշումները վերատեսութեան պիտի ենթարկէք: Ամսուան գեղեցիկ օրերէն մէկն է:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Տխրութիւն եւ ձանձրոյթ պիտի զգաք: Ձեր գործերուն ընթացքը պիտի դանդաղի: Զսպեցէք ձեր ջիղերը եւ զգուշ եղէք ձեր տրամադրութեան վատթարացումէն:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Օգնութիւն խնդրեցէք եւ հարկ եղած ժամանակ դուք օգնեցէք: Գործակցեցէք ձեր ընկերներուն եւ բարեկամներուն հետ, հանդիպեցէք մարդոց, մինակ մի՛ մնաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Լաւ պատրաստեցէք ձեր գործը: Լուարձակի տակ պիտի մնաք: Նախընտրելի է, որ ձեր լաւագոյնը տաք: Կանուխ սկսեցէք ձեր աշխատանքը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Մեծ են ձեր իղձերը: Կը փափաքիք համարձակ քայլերու դիմել: Պիտի հնձէք յաջողութիւն եւ զօրակցութիւն:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Իրավիճակը ուղղեցէք` առանց դանդաղելու: Օրէնքները եւ թելադրանքները մի՛ խախտէք: Մի՛ մերժէք որեւէ օգնութիւն ուրիշներէն:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր գործը արկածախնդրութեան մի՛ ենթարկէք: Շուտով կը զայրանաք` վնաս պատճառելով ձեր անձին: Ամսուան ամէնէն դժուար օրերն են:
