Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Բազմաթիւ Անուններու Մէջէն Ամէնէն Նախընտրելին Արմէն Սարգսեանի Թեկնածութիւնն Էր»

January 23, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը վերաբերի  Հայաստանի Հանրապետութեան կուսակցութեան (ՀՀԿ) կողմէ առաջադրուած նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեանին, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան ըսաւ, որ իրենք տեղեկացուած էին այս առաջարկին մասին, եւ այդ առումով եղած են նախնական քննարկումներ:

«Մենք ի սկզբանէ նկատի ունեցած ենք, հակառակ անոր որ սահմանադրութիւնը թոյլ կու տայ, հասնիլ մինչեւ ընդհանուր թիւի մեծամասնութեամբ ընտրուած նախագահին, եւ նոյնիսկ կրնայ ատիկա տեղի չունենալ եւ նոր ընտրութիւն պահանջուի: Բայց կը կարծեմ, որ անհրաժեշտութիւն կայ, որ նախագահը ընտրուի կարելիին չափ լայն համաձայնութեան պայմաններու մէջ», ըսաւ Ռուստամեան եւ նշեց, թէ ողջունելի է, որ թեկնածուն ինք որոշած է, որ հանդիպի ո՛չ միայն քաղաքական ուժերու, այլ նաեւ արտախորհրդարանական ուժերուն, հասարակական մարզին: Իրենք ալ իրենց վերջնական որոշումը պիտի տան, երբ հանդիպին, պիտի լսեն թեկնածուին մօտեցումները, տեսակէտները:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք վերջնական չէ՞ իրենց որոշումը, կրնա՞յ նախնականէն տարբերիլ, եւ չպաշտպանեն ՀՀԿ թեկնածու Արմէն Սարգսեանին: Ռուստամեան ըսաւ. «Բնականաբար Արմէն Սարգսեան ալ շատ լաւ կը հասկնայ, որ վերջնական որոշումը այսօր կայացնելը ճիշդ  չէ, եւ հրապարակային ու բազմակողմանի հանդիպումներու այդ հոլովոյթը կ՛ողջունենք: Եւ մենք ալ վերջնական որոշում պէտք է տանք», ըսաւ ան:

Այն դիտարկման, թէ կրնա՞յ որոշումը տարբեր ըլլալ, Ռուստամեան ըսաւ, որ կրնայ հանդիպումներու ընթացքին այնպէս մը ըլլալ, որ ինք` Արմէն Սարգսեանը չուզէ, իսկ իրենք հանդիպումներու լոյսին տակ որոշում պիտի տան:

Իսկ պատասխանելով այն հարցումին, թէ այլ թեկնածուներու անուններ ալ քննարկա՞ծ են, Ռուստամեան ըսաւ, որ բազմաթիւ անուններ քննարկած են, բայց ամէնէն նախընտրելին  եղած չափանիշներով Արմէն Սարգսեանի թեկնածութիւնն է, եւ իրենք համաձայնած են, որ անոր թեկնածութիւնը առաջադրուի:

Լրագրողները հարց տուին, թէ առաջին փուլով ընտրուելու համար 3/4 ձայն ապահովելը պայման է, այսինքն` «Ծառուկեան» խմբակցութեան աջակցութիւնը: «Ես յոյսով եմ, որ «Ծառուկեան» խմբակցութիւնը կ՛աջակցի. այս պատճառով մենք նկատի ունինք այս հանդիպումներուն  կարեւորութիւնը», ըսաւ Ռուստամեան:

«Հայկական Ժամանակ»-ի լրագրողին հարցումին, թէ երբ նախագահ Սերժ Սարգսեան կ՛ըսէր, որ նախագահի թեկնածուն պէտք է հեղինակութիւն վայելէ ե՛ւ սփիւռքի, ե՛ւ Հայաստանի մէջ, սակայն մամուլի արխիւներէն տեղեկութիւններ հանեցին, որ Արմէն Սարգսեան Վազգէն Սարգսեանի հետ տարակարծութիւններ ունեցած է, նոյնիսկ ստած է Վազգէն Սարգսեանին, այս պատմութենէն ետք ան հեղինակութիւն կը վայելէ՞ հանրութեան մէջ, ՀՅԴ-ի պատգամաւորը ըսաւ. «Ես կը կարծեմ, որ լաւ ըրած են մամուլէն հանելով այդ տեղեկութիւնները, որովհետեւ այդպիսի բան մեզի յայտնի չէ, որ ստած է, դեռ չսկսած արդէն սկսած են վարկաբեկել, ատիկա լաւ չէ: Իրերը իրենց անուններով պէտք է կոչել: Այո՛, ան եղած է վարչապետ, եւ աշխատած է իր պարտաւորութիւններուն եւ  պարտականութիւններուն գիտակցելով: Եւ այդ փուլին գիտենք ինչ ծանր վիճակ էր Հայաստանի համար, ըստ էութեան Արմէն Սարգսեան իր ջանքերը կը գործադրէր, որպէսզի կարենար ներհասարակական համերաշխութիւնը յառաջացնել: Բայց մնացած վարկաբեկիչ գնահատականները, ես կը կարծեմ, թող մնան անոնց խղճին, որոնք կը փորձեն այդպիսի բան ընել», ըսած է Ռուստամեան:

 

 

Նախորդը

Դաշնակցութիւնը Պաշտօնական Հանդիպում Պիտի Ունենայ Արմէն Սարգսեանին Հետ

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հանդիպումը Փարիզի Քաղաքապետին Հետ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.