Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հանդիպումը Փարիզի Քաղաքապետին Հետ

January 23, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ: Այս մասին Փարիզի քաղաքապետը յայտնած է իր պլոկին մէջ:

«Ինծի համար պատիւ է քաղաքապետարանին մէջ ընդունիլ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը», գրած է ան:

Անն Իտալկոն դրուատանքով խօսած է Փարիզի հայկական համայնքին մասին` ընդգծելով, որ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ իրենց գործունէութեամբ զանազան բնագաւառներու մէջ մեծ յաջողութիւններու  հասած են եւ զգալի ներդրում ունին քաղաքի զարգացման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ հասարակական, քաղաքական կեանքին մէջ: Փարիզի քաղաքապետը հիացմունքով արտայայտուած է նաեւ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մասին` նախագահին տեղեկացնելով, որ կը նախատեսեն ընթացիկ տարուան մէջ հայկական նախագիծ հանդիսացող «ԹՈՒՄՕ»-ի օրինակով կեդրոն ստեղծել Փարիզի մէջ, որ պիտի դառնայ երկկողմանի բարեկամութեան կամուրջ մը եւս:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը, հանդիպումին պատեհ առիթով, քաղաքապետ Անն Իտալկոն հրաւիրած է մասնակցելու մայրաքաղաք Երեւանի 2800-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններու շրջագիծին մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն: Փարիզի քաղաքապետը շնորհակալութեամբ եւ սիրով ընդունած է հրաւէրը: Նախագահ Սարգսեան ընդգծած է, որ հայ ժողովուրդը երախտապարտ ժողովուրդ է եւ ջերմութեամբ իր պատմութեան էջերուն մէջ կը պահէ այն անունները, որոնք հաղորդակից են իր խնդիրներուն: Այս շրջագիծին մէջ նախագահը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած է Անն Իտալկոյին հայերը յուզող խնդիրներուն եւ փարիզաբնակ հայերուն հանդէպ անոր կողմէ միշտ  ցուցաբերուող ուշադրութեան եւ զգայունութեան համար:

Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն, ստորագրուած շրջանակային համաձայնագիրի ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան խորացման եւ  Հայաստանի մէջ իրականացուելիք բարեփոխումներուն:

Նշենք, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ Փարիզ կը գտնուի: Հայաստանի նախագահը այսօր հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ միացեալ մամլոյ  ասուլիս:

24 յունուարին Սթրազպուրկի մէջ Հայաստանի նախագահը պիտի մասնակցի Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանին, ուր հանդէս պիտի գայ ելոյթով եւ պիտի պատասխանէ խորհրդարանականները հետաքրքրող հարցումներուն: Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտի, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) նախագահ Կիտօ Ռայմոնտիի, «Ժողովրդավարութիւն` իրաւունքի միջոցով» եւրոպական յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) նախագահ Ճաննի Պուքիքիոյի եւ ԵԽԽՎ-ի նորընտիր նախագահին հետ:

Նախորդը

Ռուստամեան. «Բազմաթիւ Անուններու Մէջէն Ամէնէն Նախընտրելին Արմէն Սարգսեանի Թեկնածութիւնն Էր»

Յաջորդը

Ակնարկ. «Ձիթենիի Ճիւղ»-ի Արտօնուած Ծլարձակումները

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.