Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութիւնը Պաշտօնական Հանդիպում Պիտի Ունենայ Արմէն Սարգսեանին Հետ

January 23, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին դիտել տուած է, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) շատ հետաքրքրական թեկնածութիւն առաջադրած է նախագահական աթոռին համար: Ըստ անոր, Արմէն Սարգսեան հետաքրքրական անձնաւորութիւն է իր մարդկային եւ մասնագիտական յատկութիւններով:

«Չեմ գիտեր, թեկնածուին երկար ատեն Հայաստանի մէջ ապրած չըլլալը մեզի համար առաւելութի՞ւն է, թէ՞ թերութիւն: Յաճախ կը շեշտուի անկուսակցական ըլլալը, որ անհրաժեշտութիւն կը նկատուի, բայց ես չեմ կարծեր, թէ կուսակցական ըլլալը կրնայ խանգարել մարդուն նախագահ ըլլալը», յայտնած է ան:

Աղուան Վարդանեան ընդգծած է, որ ՀՅԴ-ն ոչ պաշտօնական հանդիպում ունեցած է Արմէն Սարգսեանի հետ, իսկ մօտիկ ապագային պաշտօնական հանդիպում պիտի ունենայ անոր հետ ու քննարկէ զինք յուզող հարցերը:

Վարդանեան նաեւ հաստատած է, որ Հայաստանի պետական քաղաքական վերնախաւին մէջ դրական առումով փոփոխութիւնները նկատելի են, պաշտօններու համար առաջադրուող նոր մարդիկ որակական առումով եւ դրական յատկանիշներով կը տարբերին նախորդներէն:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ եթէ Արմէն Սարգսեան չընդունի Հանրապետականին առաջարկը, արդեօք կա՞յ այլ թեկնածու, զոր ՀՅԴ-ն կը տեսնէ նախագահի պաշտօնին համար` Աղուան Վարդանեան նշած է, որ Արմէն Սարգսեանի թեկնածութեան մասին յայտարարուելէ առաջ մամուլին մէջ շրջան ըրած են տարբեր անուններ, որոնց մէջ կային անձեր, որոնք կրնան յաւակնիլ այդ պաշտօնին:

Լրագրող մը հարցուցած է, թէ Արմէն Սարգսեանը երկար տարիներ չէ ապրած Հայաստանի մէջ եւ արդեօք օրէնքի խախտում չէ՞ զայն` նախագահի թեկնածու առաջադրելը. Աղուան Վարդանեան պատասխանած է, որ ասոնք արհեստական բարդութիւններ յառաջացնող հարցեր են, քանի որ որեւէ դեսպանատան տարածք, տուեալ երկրի տարածք կը նկատուի:

Աղուան Վարդանեան տեղեկացուցած է, որ նախորդ շաբաթ եւ կիրակի Դաշնակցութեան տարածաշրջանային ռայոնական ժողով տեղի ունեցած է: Ըստ անոր, այսպիսի ժողովներ պարբերաբար կը գումարուին, անոնց կը մասնակցին ՀՅԴ շրջանային տարբեր կառոյցներու ղեկավարներ:

«Նախորդ տարուան աւարտին եւ այս տարուան ընթացքին արդէն երրորդ համաժողովն էր: Առաջինը տեղի ունեցած է Արժանթինի մէջ` ամերիկեան ցամաքամասի եւ Աւստրալիոյ մարմիններուն համար, երկրորդը Աթէնքի մէջ` Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի կառոյցներուն հետ, իսկ երրորդը այս նշածս է: Ներկայացուեցաւ եւ քննարկուեցաւ կուսակցութեան վերջին շրջանի գործունէութիւնը», տեղեկացուցած է Վարդանեան:

Այնուհետեւ պատգամաւորը անդրադարձած է իրողութեան մը, որ վրիպած է մամուլին ուշադրութենէն: «Ազգային ժողովի վերջին նիստէն կ՛ուզէի ձեր ուշադրութեան յանձնել յատկանշական երեւոյթ մը, որ չէր նկատուած, եւ որուն չէր անդրադարձած մամուլը: Մենք այդ նիստին ընթացքին եւս ունէինք սահմանադրական օրէնքի` երկրորդ ընթերցումով քուէարկութիւն` «Սահմանադրական դատարանին մասին» օրէնքն էր, եւ ի տարբերութիւն նախորդ նիստերուն, երբ սահմանադրական օրէնքները կ՛ընդունուէին անհրաժեշտ 63 ձայնով միայն, այս անգամ այդ օրէնքի երկրորդ ընթերցումը հաւաքեց 84 ձայն: Ասիկա դրական երեւոյթ է, եւ անհրաժեշտ էր լուսարձակի տակ առնել», աւելցուցած է Վարդանեան:

 

Նախորդը

Նախագահ Սիսի Կը Հաստատէ, Որ Եգիպտոս Ապաստան Տուած Է Ցեղասպանութենէն Ճողոպրածներուն

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Բազմաթիւ Անուններու Մէջէն Ամէնէն Նախընտրելին Արմէն Սարգսեանի Թեկնածութիւնն Էր»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.