Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Իր Բանակին Աֆրին Մուտքը Կը Յայտարարէ, Քրտական Ուժերը Կը Հերքեն

Յունուար 22, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիա շաբաթ գիշեր հիւսիսային Սուրիոյ Աֆրին շրջանին դէմ շղթայազերծեց զինուորական գործողութիւն մը, զոր կոչեց «Ձիթենիի ճիւղ»:

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ յայտարարեց, որ թրքական բանակը մուտք գործած է Աֆրին եւ մտադիր է 30 քիլոմեթր խորութեամբ ապահովական գօտի մը ստեղծելու: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը երէկ առաւօտեան իր կարգին հաղորդած էր, որ Սուրիական ազատ բանակէն ուժեր լայնածաւալ գործողութեամբ մը մուտք գործած են Աֆրին քաղաք:

Թրքական բանակը շաբաթ գիշեր իր շղթայազերծած «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան ծիրին մէջ բուռն կերպով կը ռմբակոծէ քիւրտ զինեալներուն դիրքերը: Թրքական բանակը յայտարարեց, որ թրքական օդուժէն ռմբաձիգներ գործողութեան առաջին օրուան ընթացքին հարուածած են 108 թիրախներ, իսկ թրքական ցամաքային ուժերը` 153 թիրախներ:

Միւս կողմէ, 3 թուրքեր սպաննուեցան եւ 32 ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ Աֆրինէն արձակուած հրթիռներ ինկան թրքական Ռէյհանլի քաղաքին վրայ: «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» աւելի ուշ հաղորդեց, որ այլ հրթիռ մը եւս ինկած է Ռէյհանլիի վրայ:

Քրտական կայքեր նաեւ հաղորդեցին, որ Թուրքիոյ սահմանին մօտ գտնուող Շիրան գիւղին մօտ թրքական բանակի 2 հրասայլեր ոչնչացուած են: «Մայատին» իր կարգին հաղորդեց, որ Աֆրինի` Թուրքիոյ սահմանամերձ Համմամ գիւղին մօտ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն ու թրքական բանակին միջեւ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան:

Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներէն բանբեր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ կապ հաստատելով հերքեց, թէ թրքական ուժերը շրջան մուտք գործած են` նշելով, որ այդ ուժերն ու անոնց դաշնակիցները «փորձեցին սահմանը կտրելով մուտք գործել Աֆրին, սակայն բուռն բախումներէ ետք ձախողեցան»:

Ըստ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, սուրիական բանակը Հալէպի մէջ գտնուող քրտական ուժերուն դիմաց ճամբայ բացած է Աֆրին ուղղուելու: «Հաւաստի» աղբիւրներ թրքական լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ քիւրտ զինեալներ ու զէնք-զինամթերք փոխադրող մեքենաներ Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ թաղամասէն Նապըլ եւ Զահրա գիւղերուն ճամբով մեկնած են դէպի Աֆրին:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պուրսայի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդային հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց, որ կը նախատեսէ, թէ Աֆրինի դէմ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը շուտով հասնի իր աւարտին:

Ան նաեւ յայտնեց, որ թրքական բանակը ոչ իսկ մէկ քայլ ետդարձ պիտի կատարէ այդ գործողութենէն` աւելցնելով, որ թրքական ապահովական ուժերը պիտի հետապնդեն քրտամէտ ընդդիմադիրները, եթէ անոնք «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան դէմ բողոքի ցոյց կատարեն:

«Մեր դաշնակիցներէն ոմանք քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն տրամադրեցին երկու հազար օդանաւ եւ զէնք-զինամթերքով բեռնաւորուած հինգ հազար բեռնակառքեր… անոնց (քիւրտերուն «Ա.») կ՛ըսեմ, որ Թուրքիան պարտութեան մատնելու համար կարելի չէ ամերիկեան աջակցութեան վստահիլ», յայտարարեց Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահը շեշտեց, որ իր երկրին բանակը վերջ պիտի տայ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ), Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան եւ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն, եւ ըստ Էրտողանի, անոնցմէ ոչ ոք պիտի մնայ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ իր կարգին շեշտեց. «Ան որ Աֆրինի մէջ ծաւալած թրքական գործողութեան դէմ կը կանգնի, ահաբեկիչներուն կողքին կանգնած կ՛ըլլայ»:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ երեկոյեան հաղորդեց, որ թրքական ոստիկանութիւնը Անգարայի մէջ քիւրտերուն զօրակցող ցոյց մը ցրուած է:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Աֆրինի դէմ թրքական գործողութիւնը եւ հերքեց, թէ թրքական կողմը զինք տեղեակ պահած է գործողութենէն: Դամասկոս միջազգային ընտանիքէն պահանջեց դատապարտել «այս յարձակումը» եւ զայն անմիջապէս կասեցնելու միջոցառումներ որդեգրել:

Միջազգային Կեցուածքներ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իւ Լը Տրիան յայտնեց, որ իր երկիրը կոչ ուղղած է գումարելու ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ մը` քննարկելու համար Աֆրինի, Իտլիպի եւ Ղութայի դէպքերը: Ան Թուրքիոյ կոչ ուղղեց` հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական ուժերուն դէմ յարձակումները դադրեցնելու:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով իր մերժումը յայտարարեց Աֆրինի դէմ թրքական բանակի գործողութեան` զայն նկատելով սուրիական գերիշխանութեան դէմ նոր ոտնձգութիւն մը եւ քաղաքական լուծման ընթացող ջանքերուն ու Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վնասող քայլ մը:

Հաղորդագրութիւնը վերահաստատեց Եգիպտոսի` զինուորական լուծումները մերժող կեցուածքը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները` մասնաւորաբար կեդրոնանալով հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կայունութեան հաստատման կարելիութիւններուն վրայ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը կ՛աւելցնէ, որ երկու նախարարները քննարկած են սուրիական տագնապը ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ լուծելու հարցը եւ Սոչիի մէջ այս ամսուան ընթացքին նախատեսուած միջսուրիական բանակցութիւններուն օրակարգը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այլ յայտարարութեան մը մէջ նշեց. «Մտահոգ ենք Սուրիոյ մէջ թրքական գործողութեամբ եւ կոչ կ՛ուղղենք ինքնազսպումի»:

Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար Ժոզեֆ Վոթըլ յայտնեց, որ Թուրքիան Ուաշինկթընը տեղեակ պահած է Աֆրինի դէմ իր գործողութենէն` նշելով, որ Աֆրին քաղաքը ամերիկեան զինուորական գործողութիւններու ծիրին մէջ չէ, եւ իր երկիրը անոր մեծ կարեւորութիւն չ՛ընծայեր:

Ան ըսաւ, որ չի գիտեր, թէ Թուրքիան այդ գործողութեամբ ի՛նչ նպատակներ կը հետապնդէ, սակայն մտահոգ է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին վրայ անոր ունենալիք ազդեցութենէն` աւելցնելով, որ թուրք ղեկավարները իրենց հետ չեն խօսած Մընպեժի դէմ զինուորական գործողութեան մը մասին:

Փենթակոնի բանբեր Էրիք Փահոն յայտարարեց, որ Աֆրինի մէջ քիւրտ զինեալներուն դէմ շղթայազերծուած թրքական գործողութիւնը թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ քաոսային վիճակ պիտի չստեղծէ:

«Մէկ քայլը չի կրնար յարաբերութիւններուն մէջ քաոսի կամ ճգնաժամի պատճառ դառնալ: Մենք մեր ռազմավարական դաշնակիցը եղող Թուրքիոյ հետ մնայուն կապի մէջ ենք, այս մասին կը խօսինք, դաշնակից ըլլալն ալ ինքնին այդ կ՛ենթադրէ: Դաշնակիցները կրնան նոյն կարծիքին չըլլալ, սակայն կրնան միասին աշխատիլ: Աֆրինի գործողութիւնը անմիջականօրէն մեր վրայ չ՛ազդեր, որովհետեւ այդտեղ ամերիկացի զինուորներ չկան: Մենք պիտի ուզենք բոլորը տեսնել ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարին վրայ կեդրոնացած, ինչ որ մեր հիմնական նպատակն է», ըստ «Անատոլու»-ի, ըսած է Փենթակոնի բանբերը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի յայտարարեց, թէ իր երկիրը կը յուսայ, որ Անգարա Աֆրինի մէջ գործողութիւնը «շատ արագ վերջացնէ»: Ան յայտնեց, որ Իրան մտահոգ է թրքական «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութենէն` աւելցնելով. «Իրան մօտէն ու մտահոգութեամբ կը հետեւի սուրիական Աֆրին քաղաքին մէջ ընթացող զարգացումներուն»:

Ան Թուրքիոյ կոչ ուղղեց` «յանձնառու մնալու Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման հոլովոյթին»: Ան նշեց, որ այդ գործողութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ ահաբեկչական ուժերու գոյութեան ամրապնդման:

Թրքական բանակի սպայակոյտի պետը երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իր իրանցի պաշտօնակիցին հետ` քննարկելու համար Սուրիոյ զարգացումներն ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ գործակցութեան հարցը:

ՕԹԱՆ երէկ Աֆրինի դէմ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան մէջ զօրակցութիւն յայտնեց Թուրքիոյ:

 

Նախորդը

Հիւսիսային Սուրիան Թուրքիոյ Եւ Ամերիկայի Ազդեցութենէն Ձերբազատելու Համար. Ասատ Քիւրտերուն Կոչ Կ՛ուղղէ Գործակցելու Դամասկոսի Հետ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս  Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»

Օգոստոս 20, 2025
Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի  Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»
Միջազգային

Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?