Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Կաղանդ պապան իսկապէս «Սուփըր» պէտք է ըլլայ մէկ գիշերուան մէջ աշխարհի բոլոր մանուկներուն նուէրները բաժնելու համար…
1.- Բոլոր մանուկներուն պահանջները գոհացնել
Այժմ աշխարհի վրայ կ՛ապրին 15 տարեկանէն աւելի վար 2,2 միլիառ մանուկներ: Անոնց մօտաւորապէս 30 առ հարիւրը քրիստոնեայ է եւ Ս. Ծնունդը կը տօնէ:
Հետեւաբար, 660 միլիոն մանուկներ եթէ ընդունինք, որ անոնք բարի եղած են տարուան ընթացքին, կը սպասեն Կաղանդի իրենց նուէրները: Այս ձեւով, եթէ իւրաքանչիւր ընտանիք 2,5 մանուկ ունի, ասիկա կը նշանակէ, որ Կաղանդ պապան մէկ գիշերուան ընթացքին պէտք է 264 միլիոն ծխնելոյզներէ իջնէ:
Գիտէի՞ր, որ աշխարհի մէջ մօտաւորապէս հարիւր երկիրներ եւ 2 միլիառ մարդ Կաղանդ կը տօնէ:
2.- Մանուկներուն նամակները կարդալ
Կաղանդ պապան ստացած է մօտաւորապէս 40 միլիոն նամակ` վերջին 40 օրերուն ընթացքին:
Այս նամակները կարդալու համար ան պէտք ունի օրական ութը «Ժամ աշխատող 10,400 օգնականներու, որոնք իւրաքանչիւր նամակի ընթերցանութեան պիտի տրամադրեն 5 վայրկեան:
3.- Անմիջապէս ճամբայ ելլել
«Սուփըր» Կաղանդ պապան շատ հնարամիտ է:
Ան գիտէ, թէ կը ճամբորդէ արեւելքէն արեւմուտք, հետեւաբար ժամանակին մէջ ետ կ՛երթայ: Այս ձեւով ան կը շահի 32 ժամ (Երկրագունդին շրջումին 24 ժամը եւ գիշերուան 8 ժամերը) այցելելու համար 264 միլիոն տուներ, այսինքն կէս հազարերորդ երկվայրեան` իւրաքանչիւր տան մէջ…
«Սուփըր» Կաղանդ պապան շատ արագ ալ է:
4.- Երկինքէն իջնել
264 տուները, ուր Կաղանդ պապան պէտք է այցելէ, սփռուած են երկրագունդին 510 միլիոն քմ տարածքին վրայ: Ենթադրենք, որ հասցէները իրարմէ նոյն հեռաւորութիւնը ունին, ուրեմն Կաղանդ պապան պէտք է կտրէ 1,4 քմ:
Ընդամէնը 367 միլիոն քմ 32 ժամէն: Հետեւաբար Կաղանդ պապային սահնակը պէտք է տեղափոխուի աւելի քան 3185 քմ` մէկ երկվայրկեանի մէջ, այսինքն` 9000 անգամ աւելի արագ, քան` ձայնին արագութիւնը:
5.- Հազարաւոր նուէրներ…
Առատաձեռն Կաղանդ պապան իւրաքանչիւր մանուկի կը բերէ իր աշխատանոցներուն մէջ շինուած 1 քիլօ ծանրութեամբ նուէր: Մէկ եղջերու կրնայ քաշել մօտաւորապէս 150 քիլօ. հետեւաբար Կաղանդ պապան պէտք ունի 4,4 միլիոն եղջերուներու օգնութեան` քաշելու համար… 660 հազար թոն ծրարներ:
Եղջերուները քաջալերելու համար Կաղանդ պապան ստիպուած է անոնցմէ իւրաքանչիւրին տալ անուն մը…
Խոհագիր
Կաղանդի Ճինճըրպրետ
Մարդուկը
129 կրամ կարագի, 150 կրամ շաքարի, 2 հաւկիթի դեղնուցի, 175 կրամ ալիւրի, 1 ապուրի դգալ քրեմի, քիչ մը վանիլայի քիչ մը աղի, 1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըրի, 2 թէյի դգալ փոշի ճինճըր (կոճապղպեղ), 1 թէյի դգալ կասիայի:
Պատրաստութիւն.-
Փուռը վառէ 190 աստիճանի վրայ:
Իրարու հետ խառնէ կարագը եւ շաքարը եւ վրան աւելցուր հաւկիթի դեղնուցները: Լաւ խառնէ, ապա աւելցուր` քրեմը, ալիւրը, աղը, պէյքինկ փաուտըրը, ճինճըր եւ կասիան:
Խմորը բաց եւ մարդուկի կաղապարով կտրէ:
Պիսքուիները փուռին մէջ եփէ 10 վայրկեան:
Ձգէ, որ պիսքուիները պաղին, ապա զանոնք զարդարէ զարդարանքի յատուկ շաքարէ քրէմով:
Կաղանդ Պապային Համար
Աշխարհի տարածքին մանուկները պզտիկ պնակ մը կը պատրաստէին Կաղանդ Պապային այցելութեան համար: Անոնք մէջը կը դնեն`
– Պիսքուիներ` Ֆրանսայի մէջ,
– Սուրճ` Շուէտի մէջ,
– Միսէ փայ` Անգլիոյ մէջ,
– Քուքի եւ կաթ` Միացեալ Նահանգներու մէջ,
– Սփոնճ քէյք կարկանդակ` Չիլիի մէջ,
– Կաթնապուր` Դանիոյ մէջ:
Կաղանդ Պապան Կը Կոչուի…
– Վայնախցման` Գերմանիոյ մէջ
– Տետ Մորոզ` Ռուսիոյ մէջ
– Սանթա Քոլլոչսու` Հարաւային Քորէայի մէջ
– Փափայի Նոէլ` Պրազիլի մէջ
– Վատեր Քերսքրիս` Հարաւային Ափրկէյի մէջ
– Ֆատըր Քրիսմաս` Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտի մէջ:
«Մէյտ Ին Չայնա»
(Չինաստանի Մէջ Պատրաստուած)
Կաղանդը սկզբունքով չինական սովորութիւն մը չէ: Սակայն այժմ Չինաստանի մէջ քաղաքները կը կարդային Կաղանդի ծառերով, իսկ գիտէի՞ր, որ Շանկհայէն 300 քմ դէպի հարաւ գտնուող Եու քաղաքը կը շինէ աշխարհի Կաղանդի ծառերու զարդարանքներուն եւ Կաղանդի կեղծ ծառերուն 60 առ հարիւրը:
Աշխարհի Ամէնէն Մեծ
Ճինճըրպրետ Տունը
Աշխարհի ամէնէն մեծ ճինճըրպրետ խմորով տունը երկյարկանի տուն մըն էր:
Անիկա շինուած էր 816 քիլo կարագով, 1.361 քիլօ շաքարով, 7200 հաւկիթով եւ 22000 շաքարեղէններու կտորներով:
Ձեռային Աշխատանք
Կարճ Մաղթանքներ
Այս ձեռայինը շինելը շատ դիւրին է, բայց կրնայ մեծ հաճոյք պատճառել: Պէտք ունիս պարզապէս` փայտէ լաթակալներու, գունաւոր խաւաքարտի, ներկերու եւ խէժի:
Գունաւոր խաւաքարտներուն վրայ գծէ եւ կտրէ նուէրի տուփի ձեւեր` լաթակալին ծայրի բաժինէն քիչ մը աւելի մեծ: Նուէրի այս տուփիկները հորիզոնական ձեւով կտրէ, զանոնք փակցուր լաթակալին գոց ծայրին վրայ: Ուշադրութիւ՛ն, հորիզոնական կտրուածքը պէտք է գտնուի լաթակալին դէպի ներսի բացուածքին ծայրը:
Ճերմակ խաւաքարտի մը վրայ կտրէ նուէրի տուփէն քիչ մը աւելի փոքր քառանկիւններ: Անոնց վրայ գունաւոր մատիտներով գրէ կարճ մաղթանքներ: Կրնաս նաեւ պզտիկ գծագրութիւն մը ընել: Այս պատկերը փակցուր լաթակալին վարի բաժինը, սակայն` ետեւէն:
Այս լաթակալները կրնաս նուիրել քու սիրելի անձերուդ, զանոնք զետեղել իւրաքանչիւրի պնակին մէջ` Կաղանդի սեղանին վրայ, կամ` օգտագործել Կաղանդի ծառը զարդարելու համար:
Ժամանց


