Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն` զգուշանալու թաքսիի «Իւպեր» ընկերութեան դիմելէ իրենց տեղափոխութեանց ընթացքին` զայն նկատելով «վտանգաւոր»: Միւս կողմէ, նախարար Մաշնուք վերահաստատեց, որ երկրին ապահովական վիճակը հակակշիռի տակ է:
Նաեւ` «Ալֆա»
Նմանապէս, հեռաձայնի բջիջային «Ալֆա» ընկերութիւնը երէկ զգուշացուց իր յաճախորդները օգտագործելէ կասկածելի հետեւեալ «Ալֆա ռիչարճ» կայքը` (https://alfa-recharge.com)