Իրլանտայի վարչապետ Լէօ Վար Էտքար երէկ այցելեց Պէյրութ` ընկերակցութեամբ պաշտպանութեան պատասխանատու նախարար Փոլ Քիհոյի: Ան իր կարճատեւ այցելութեան ընթացքին պիտի այցելէ հարաւ` մօտէն տեղեկանալու ՖԻՆԻՒԼ-ի իրլանտական ջոկատի զինուորներու կացութեան մասին:
Իրլանտացի հիւրը դիմաւորելու համար Պէյրութի միջազգային օդակայան եկած էին` արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Զիատ Ռիաշի, Լիբանանի եւ Եգիպտոսի մէջ Իրլանտայի դեսպան Շոն Օրեկոն, Լիբանանի մէջ Իրլանտայի ընդհանուր հիւպատոս, դեսպան Ժորժ Սիամ եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօրավար Մայքըլ Փերի: