Նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին` Թեքսաս նահանգի Սատըրլենտ Սփրինկս քաղաքի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան առիթով, որ տասնեակ մը անմեղ զոհեր եւ վիրաւորներ պատճառած է:
Ըստ նախագահի պաշտօնական կայքին, նախագահ Սերժ Սարգսեան խորին ցաւակցութիւն յայտնած է նախագահ Թրամփին, Միացեալ Նահանգներու բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու հարազատներուն` մաղթելով ուժ եւ ոգիի արիութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում:


