ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ նիւթական հարցեր ունիք կարգադրելու, ճիշդ ժամանակն է ատոնք կարգի բերելու: Անյապաղ կատարեցէք ձեր հաշիւները:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կ՛ուզէք, որ նորաձեւութեան մարզին մէջ ուրիշներ հետեւին ձեզի, բայց պիտի չկարենաք համոզել զանոնք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կէսօրէ ետք մը հանգիստ ըրէք` կարդալով ձեր նամակները, կամ ժապաւէն մը դիտեցէք եւ կամ ժամանակ տրամադրեցէք ձեր հաճոյքին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հաճելի ժամանակ մը կը վերապահուի ձեզի, եւ դուք պիտի դառնաք բոլորին ուշադրութեան առարկան: Բախտաւո՛ր էք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Այս քանի մը օրերու ընթացքին պիտի պատահին անհաճոյ դէպքեր, որոնք պիտի ջղայնացնեն ձեզ` թէ՛ տան, թէ՛ աշխատանքի մէջ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ունիք կարգադրելիք հարց մը կամ որոշում մը, զանոնք լաւ սերտեցէք: Ամէն ինչ լաւ պիտի ընթանայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մտածեցէք ձեր նամակներուն եւ հաշիւներուն մասին: Հարցեր կան, որոնք կարելի չէ յետաձգել:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Աշխուժ եւ գործնական էք, պիտի չձգէք, որ ուրիշ անձեր որոշեն ձեր գործերը ձեր փոխարէն: Ամէն ինչ յաջող պիտի ընթանայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ճիշդ ձեւով մտածեցէք բարձրացնելու համար ձեր տրամադրութիւնը, եթէ կը զգաք, որ քիչ մը անսովոր հարցեր կան ձեր շուրջը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Յայտագրի վրայ ունիք փոխանակումներ, ստորագրութիւններ եւ արդիւնաւէտ ու դրական ժամադրութիւն, որոնք ձեր գործերը պիտի յաջողցնեն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Դիտողութիւնները գէշ ազդեցութիւն պիտի ունենան ձեր վրայ: Այս իրողութիւնը բախումներ պիտի ստեղծէ ձեր շուրջիններուն հետ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր աշխատանքին կամ ձեր անձնական կեանքին մէջ շատ հաճելի պահեր պիտի ունենաք, ինչ որ պիտի ներդաշնակէ ձեր գործունէութիւնը: