ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ընտանիքը եւ ձեր գործերուն մէջ ծագած հարցերը պիտի գրաւեն ձեր ուշադրութիւնը ամսուան սկիզբին: Կեդրոնացէք ձեր աշխատանքներուն վրայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Դուք ձեզ աւելի առողջ պիտի զգաք, եթէ ուշադիր ըլլաք ձեր սննդականոնին, մանաւանդ զգուշացէք աղոտ ուտելիքներէ, ինչ որ ձեր արեան ճնշումը պիտի բարձրացնէ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր բարեկամները իրենք զիրենք աւելի լաւ պիտի զգան, եթէ գիտնան, որ իրենց օգնութեանը պէտք ունիք: Ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք անոնց խորհուրդները:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր պաշտօնին բերումով ամսուան սկիզբին դժուար օրեր պիտի ունենաք: Չէք գիտեր` ի՛նչ ընել եւ ինչպէ՛ս կարգադրել հարցերը, ժամանակ կ՛ուզէ, որպէսզի հարցերը լուծուին:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ճամբորդութիւնները կը կազմաւորեն երիտասարդութիւնը: Այս հարցին մասին միշտ կը խօսիք ձեր զաւակներուն եւ թոռներուն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի մերժէք անհարկի լաւատեսութիւն մը` անոր դիմաց դնելով աւելի յարմար իրապաշտութիւն մը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Լարուած մթնոլորտ մը կայ ձեր աշխատավայրին մէջ: Իւրաքանչիւր անձ միւսին վրայ կը բարդէ յանցանքը: Մի՛ մտնէք անիմաստ խաղի մը մէջ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Օգտուեցէք բնական արտադրութիւններէ` ձեր մորթը խնամելու համար: Կարեւոր է այս խնամքը ձեր առողջութեան համար: Խուսափեցէք արհեստական արտադրութիւններէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Սիրոյ համար մեծ օր մըն է այսօր: Ձեր զգացումները արտայայտեցէք, նուրբ ձեւով յայտարարութիւն մը կատարեցէք: Պիտի չխաբուիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ընտանեկան կապերը ջերմ պիտի ըլլան: Չափ մը դրէք ձեր զգացումներուն, որպէսզի ճիշդ ուղղութեամբ ընթանաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Արձակուրդի մէջ եղող ձեր զաւակները կարիքը պիտի ունենան իրենք զիրենք արտայայտելու: Անոնց համար պիտի կարենաք գտնել ամէն տեսակի համակրելի զբաղումներ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ուրիշի մը համար ճաշ պատրաստելը անոնց համար շատ հաճելի նուէր մը պիտի ըլլայ, եթէ նոյնիսկ արդիւնքը շատ ալ յաջող չըլլայ: