Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը Նաքուրայի մէջ նշեցին ՄԱԿ-ի օրը, այլ խօսքով` ՄԱԿ-ի հիմնադրութեան 72-ամեակը:
Այս առիթով ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերի ընդգծեց միասնական աշխատանքին կարեւորութիւնը` հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնը պահպանելու համար:
Ան նշեց, որ ՖԻՆԻՒԼ կը ձգտի յանգիլ այն օրուան, երբ Լիթանիի հարաւային շրջանը կը յանձնէ Լիբանանի կառավարութեան:
Զօր. Պերի հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը միշտ կը հսկեն ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, որովհետեւ Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ տրուած այս որոշումին նպատակն է հակամարտող կողմերուն առիթ մը տալ` մնայուն զինադուլ հաստատելու եւ խաղաղութիւն կերտելու:
Այս առիթով զօր. Պերի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար Խալիլ Ժեմայել ծաղկեպսակ մը զետեղեցին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու յուշարձանին` յարգելու համար խաղաղութեան հաստատման ի խնդիր նահատակուած աւելի քան 300 խաղաղապահ զինուորներու յիշատակը:
Եւրոպական Միութեան Անդամ Երկիրներու Դեսպանները Կ՛այցելեն Նաքուրա
Միւս կողմէ, զօր. Պերի Նաքուրայի մէջ ընդունեց Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ստանձնած առաքելութիւնը եւ սահմանային Կապոյտ գիծին ապահովութեան վերաբերող հարցեր:
Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն դեսպանները գնահատեցին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:
Լասըն շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնն ու անոր անդամ երկիրներուն դեսպանները կատարեալ զօրակցութիւն կը յայտնեն ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն, լիբանանեան բանակին եւ լիբանանեան իշխանութիւններուն, որոնք կը պահպանեն երկրին անվտանգութիւնը:
Լասըն նշեց նաեւ, որ Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու կը մնայ Լիբանանի միասնականութեան, անկախութեան, գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:


