Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որմէ ետք յայտնեց, թէ ինք կը մաղթէր ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի ներկայութիւնը յանձնախումբի նիստին:
Քանաան շեշտեց, որ յաջորդ նիստին ելեւմուտքի նախարարը ներկայ պիտի ըլլայ, որպէսզի կարելի ըլլայ յստակ որոշումներու յանգիլ` մագնիսական ընտրաքարտին վերաբերեալ:
Քանաան կառավարութենէն խնդրեց 2018-ի պետական ամավարկը շուտով ուղարկել խորհրդարան` ընդգծելով, որ իրենք կը փափաքին տեսնել նիւթական բարեկարգումներ պարփակող ամավարկ մը, եւ աւելցուց, որ խորհրդարանական իրենց հսկողութեան մէջ պիտի չթերանան:
Քանաան շեշտեց, որ իրենք համաձայն են երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու` համաձայն ընտրական նոր օրէնքին:


