Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն Մեծարուեցաւ Ուաշինկթընի Պաշտպանութեան Համալսարանին Մէջ

October 27, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, որ պաշտօնական այցելութեամբ ուղղուած էր Միացեալ Նահանգներ, մեծարուեցաւ Ուաշինկթընի Պաշտպանութեան ազգային համալսարանին մէջ:

Զօր. Աուն 2009-ին նոյն համալսարանին մէջ հետեւած էր ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու յատուկ դասընթացքի մը:

Պաշտպանութեան ազգային համալսարանի նախագահ զօր. Ֆրից Ռոճէ յուշանուէր մը յանձնեց զօր. Աունին` բարձր գնահատելով անոր իւրայատկութիւնները եւ զայն կոչելով համալսարանի օրինակելի ուսանողներէն մէկը:

Այս առիթով զօր. Աուն խօսեցաւ Լիբանանի մէջ Ազգային պաշտպանութեան համալսարանի հիմնադրութեան ծրագիրին մասին` մաղթելով, որ ամերիկեան համալսարանը կ՛օժանդակէ այս ծրագիրին յաջողութեան` բարելաւելու լիբանանեան բանակին զինուորական կարողութիւններն ու փորձառութիւնները:

Միւս կողմէ, զօր. Աուն ջնջեց Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք ահաբեկչութեան դէմ պայքարի յատուկ խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը` նկատի ունենալով, որ այդ խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէր նաեւ իսրայէլեան ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Ղատի Այզընքոթ:

Նշենք, որ զօր. Աուն Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար, զօր. Ճոզըֆ Ֆոթելի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին զօր. Ֆոթել շնորհաւորեց զօր. Աունը լիբանանեան բանակին շղթայազերծած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան յաջողութեան եւ Լիբանանի բարձունքներու ազատագրումին առիթով:

Ապա երկու զօրավարները քննարկեցին լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:

Զօր. Ֆոթել ընդգծեց լիբանանեան բանակին ամերիկեան զօրակցութիւնը շարունակելու յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ զօր. Աունի հետ քննարկեց բանակին կատարուելիք ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւններուն մանրամասնութիւնները:

 

Նախորդը

Նաքուրայի Մէջ . ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերը Կը Նշեն ՄԱԿ-ի Օրը

Յաջորդը

«Ընտրական Նոր Օրէնքին Գծով Ինչ Որ Անկարելի Էր Իրականացնել, Իրագործուեցաւ Կարճ Ժամանակի Ընթացքին» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.