ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ գործատէր էք, աստղերը յաջողութիւն կը խոստանան ձեզի: Ձեր գործին մէջ աւելի յառաջդիմելու դիւրութիւններ պիտի ունենաք: Անտարբեր մի՛ գտնուիք եւ նորութիւններ բերէք ձեր ասպարէզին մէջ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Յաճախ կ՛ընէք արդարացի դիտողութիւններ, որոնք շատ հաճելի չեն ըլլար շատերուն. աւելի փափկանկատ եղէք, որպէսզի ընկերութենէն դուրս չմնաք. ըստ երեւոյթին ո՛չ ոք իր սխալը կ՛ընդունի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր գիտութեամբ եւ գործերով նախ դուք պէտք է համոզուիք, որպէսզի կարենաք համոզել ուրիշները: Այս մօտեցումը շատերուն համար իրաւացի պիտի նկատուի, եւ դուք ձեր ձայնը լսելի պիտի դարձնէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կարգ մը անկեղծ խօսքեր ձեզ պիտի զարմացնեն եւ թերեւս չընդունիք. արդեօք ասիկա կեղծ գովասանքներէն աւելի լաւ չէ՞: Թէեւ կ՛ըսուի, թէ ճշմարտութիւնը կը վիրաւորէ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Միշտ իրաւունք ունիք կը կարծէք եւ կ՛ուզէք վերջին խօսքը ըսողը ըլլալ, սակայն պէտք է գիտնաք, թէ ուրիշներն ալ կրնան ճիշդ կարծիքներ ունենալ: Յարգեցէք ձեր շուրջինները:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ջանացէք ձեր գիտութիւնը փոխանցել ձեր զաւակներուն եւ կամ ձեզմէ փոքրերուն. անոնք մեծ վստահութիւն ունին ձեր վրայ եւ միշտ կը հետեւին ձեր խորհուրդներուն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր ասպարէզին մէջ աւելի բարձր պատասխանատուութիւններ պիտի ստանձնէք, ինչ որ ձեզ աւելի պիտի զարգացնէ: Անշուշտ այսպիսով ձեր նիւթականն ալ պիտի բարձրանայ եւ դուք աւելի անհոգ պիտի կարենաք ապրիլ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Այսօր ձեր տրամադրութիւնը շատ բարձր չէ, սակայն բարեկամի մը այցելութիւնը եւ անոր լաւ լուրերը ձեզ բոլորովին պիտի փոխէ: Նոյնիսկ հաճոյքով պիտի ընդունիք ձեր բարեկամին ընթրիքի հրաւէրը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ըրած խնայողութեամբ պիտի կարենաք ձեր սիրած մէկ բանը կատարել, ինչ որ մեծ գոհունակութիւն պիտի տայ ձեզի. այս ձեւով պիտի կարենաք ձեր փափաքները իրականացնել:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Բախտաբեր օր մը պիտի ունենաք. աստղերը ձեր կողքին են. կրնաք այսօր կարգ մը երազներ իրագործել. նոյնիսկ դժուար կարծուած գործ մը պիտի յաջողցնէք. առիթը մի՛ կորսնցնէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կ՛ուզէք ձեր սիրելիները սեղանի մը շուրջ հաւաքել. անշուշտ ո՛չ ոք պիտի մերժէ ձեզ. թերեւս ո՛չ այսօր, սակայն ձեր փափաքը պիտի իրագործէք եւ բոլորը ուրախ պիտի ըլլան, իսկ դուք անշուշտ մեծ գոհունակութիւն պիտի ունենաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Անկեղծ բարեկամութիւն մը յանկարծ պիտի փոխուի եւ սիրոյ զգացումներ պիտի ունենաք իրարու հանդէպ: Փայլուն եւ ուրախ ապագայ մը կը նախատեսուի: Յառա՛ջ ուրեմն:
.