ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Միշտ ուրիշներով կը զբաղիք եւ անոնց մասին կը մտածէք. ժամանակը եկած է որ քիչ մըն ալ դուք ձեր մասին մտածէք եւ ձեր պէտքերը հոգաք: Ամէն ինչ չափ ու սահման ունի: Ձեր ընկերային կեանքը զարգացուցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր խնայասիրութիւնը իր արդիւնքը պիտի տայ, ծրագիր մը իրագործելու պիտի սկսիք, որ թէեւ դիւրին գործ մը չէ, սակայն ձեր ժրաջան աշխատանքով յաջողութիւն պիտի ունենաք, որ նոյնիսկ նախանձելի է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շատ ընկերային էք եւ հանդարտ նկարագիր մը ունիք, սակայն սխալներ չէք ներեր եւ միշտ սրբագրութիւններ կ՛ընէք, ինչ որ շատ հաճելի չի թուիր ոմանց. բայց այսպէս է` ընդունին կամ ոչ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ամէն հարցի մէջ միշտ իրաւունք ունենալ կ՛ուզէք. արդեօք ուրիշներու կարծիքը կարեւոր չէ՞ ձեզի համար. քիչ մը զանոնք ալ մտիկ ըրէք, կրնան օգտակար միտքեր ունենալ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ հաճելի երեկոյ մը պիտի վայելէք, որ կրնայ ճակատագրական դառնալ: Ամուրիները իրենց սիրելիներուն հետ իրենց ապագային հիմը պիտի դնեն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Յաջողութիւն մը բոլորին նայուացքները ձեր վրայ պիտի կեդրոնացնէ: Կարծէք` նոյնիսկ դուք պիտի չհաւատաք այս յաջողութեան, որուն պիտի յաջորդեն ուրիշ յաջողութիւններ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Արտասահմանէն հրաւէր մը պիտի ստանաք, զոր սիրով պիտի ընդունիք: Հաճելի ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք եւ հետաքրքրական կացութիւն մը պիտի վայելէք: Բարձր տրամադրութեամբ պիտի վերադառնաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ընկերութեան կամ ընտանիքին մէջ ձեր գաղափարները արտայայտեցէք, եթէ ոչ բոլորը, բայց անոնցմէ որոշ թիւ մը կրնան ընդունիլ եւ կիրարկուիլ, իսկ դուք մեծ գոհունակութիւն կրնաք ունենալ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Տաղտկալի օր մը պիտի ըլլայ. լաւ է որ հանդարտ ըլլաք եւ առանձնանաք որպէսզի ձեր տրամադրութիւնը չխանգարուի: Այս օրուան պիտի յաջորդեն խաղաղ օրեր: Համբերողը կը յաղթէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Արդարութիւնը կը սիրէք, իսկ կեղծաւորութիւնը կ՛ատէք: Հակառակ ասոր` ձեր բարեկամները շատ են, որոնք ձեզ կը գնահատեն: Ընկերային էք եւ ձեր հետ բարեկամութիւն հաստատելը դիւրին է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Անցեալի յուշերով պիտի օրօրուիք այսօր: Անշուշտ յիշատակները չեն մոռցուիր. սակայն ներկայիս վերադարձէք եւ ձեր ներկայ կեանքը վայելեցէք, որ բաւական հաճելի է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Թէեւ ձեր աշխատանքէն գոհ էք, սակայն այսօր կրնաք ստանալ նոր գործի մը առաջարկը: Լաւ սերտեցէք եւ այդպէս ընդունեցէք: Այս նոր գործը կրնայ ճակատագրական ըլլալ:
