Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջին Անգամ Ըլլալով. Թիլըրսընի Ներկայութեամբ Կազմուեցաւ Իրաք-Սէուտական Արաբիա Համակարգումի Խորհուրդ Մը

Հոկտեմբեր 23, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը եւ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի բացումը կատարեցին Իրաք-Սէուտական Արաբիա համակարգումի խորհուրդի առաջին ժողովին` ներկայութեամբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի:

Իրաքի վարչապետին Սէուտական Արաբիա այցելութիւնը կ՛իյնայ շրջանին մէջ շարք մը երկիրներ, որոնց շարքին Թուրքիա, Յորդանան եւ Եգիպտոս շրջապտոյտի մը ծիրին մէջ:

Նիստի սկիզբը Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը շնորհակալութիւն յայտնեց Թիլըրսընին` անոր ներկայութեան համար, եւ ատիկա նկատեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ ամերիկեան վարչակազմին Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրաքի հասարակաց շահերուն նկատմամբ ունեցած հետաքրքրութեան ցուցանիշը:

Ըստ սէուտական «Ուաս» լրատու գործակալութեան», Սալման թագաւորը նշած է, որ շրջանը կը դիմագրաւէ «վտանգաւոր մարտահրաւէրներ», ինչպէս` ծայրայեղականութիւն, ահաբեկչութիւն, երկիրներու անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը քայքայելու փորձեր, ինչ որ այդ մարտահրաւէրներու դիմակայման համար կը պահանջէ «ամբողջական համակարգում»:

Ան ըսաւ, որ տրամադրութեան տակ գտնուող մեծ կարելիութիւնները զիրենք կը դնէ «հասարակաց ձգտումներու իրականացման համար գործօն գործընկերութիւն հաստատելու պատմական առիթի մը» դէմ յանդիման:

Իրաքի վարչապետը իր կարգին խօսք մը արտասանելով գոհունակութիւն յայտնեց երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման առնչութեամբ` աւելցնելով, որ Իրաք-Սէուտական Արաբիա համակարգումի առաջին խորհուրդը արդիւնք է հասարակաց ջանքերու եւ բարի կամեցողութեան:

Ըստ Ապատիի, խորհուրդին ստեղծումը պիտի ըլլայ «կարեւոր շրջադարձ մը եւ սկիզբ մը երկու երկիրներուն միջեւ բոլոր մարզերուն մէջ գործակցութեան ու յարաբերութիւններու ամրապնդման»:

Ան ըսաւ, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վրայ կեդրոնանալը Ռիատի եւ Իրաքի հասարակաց նպատակն է` նշելով, որ ահաբեկչութիւնը պարտութեան մատնելով քաղաքները ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելէ ետք «այսօրուան Իրաքը անցեալինը չէ»:

Ապատի յայտնեց, որ մեծ բան չէ մնացած Իրաք-Սուրիա սահմանին վրայ յաղթանակ արձանագրելու եւ անվտանգութիւն հաստատելու համար` աւելցնելով. «Ճակատամարտը մօտ օրէն պիտի վճռենք»:

Իրաքի վարչապետը շեշտեց, որ շրջանը յաւելեալ մասնատում ու տագնապներու շարունակում չի հանդուրժեր, եւ կոչ ուղղեց այլոց ներքին հարցերուն միջամտութիւնները դադրեցնելու:

Իրաքի վարչապետը ժողովէն ետք հանդիպում ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզի հետ, որ բացակայած էր շաբաթ օր Ապատիի դիմաւորման արարողութենէն եւ իրաքեան պատուիրակութեան ի պատիւ սարքուած ընթրիքէն:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդումը արագացնելու հարցը, վերահաստատուած է Իրաքի միութեան նկատմամբ սէուտական զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ողջունուած են Իրաքի արձանագրած յաղթանակները:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն երէկ գիշեր Ռիատէն մեկնեցաւ Տոհա:

Նախորդը

Իրաք Կը Դատապարտէ Էրպիլի Մէջ Իրանեան Հիւպատոսարանին Դէմ Կատարուած Յարձակումը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?