ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանի մամլոյ ծառայութիւնը 20 հոկտեմբերին հաղորդեց, թէ յառաջիկայ տարեշրջանի պետական ամավարկին մէջ յաւելեալ գումարներ պիտի տրամադրուին «պաշտպանութեան» ու ազգային ապահովութեան ուժերուն, ինչպէս նաեւ դատախազութեան եւ իրաւապահ ու դատական մարմիններուն:
Արդարեւ, 2018-ի ամավարկին մէջ ռազմական ու ազգային ապահովութեան մարզերուն համար նախատեսուած է 4,07 միլիառ մանաթ (մօտաւորապէս 2,4 միլիառ տոլար) գումար մը, ինչ որ 5,2 տոկոսով աւելի է 2017-ի համապատասխան ցուցանիշէն:
Այս գումարին 2,74 միլիառ մանաթը (մօտաւորապէս 1,61 միլիառ տոլար) յատկացուած է պաշտպանութեան ու ազգային ապահովութեան ուժերուն, իսկ 1,33 միլիառ մանաթը (մօտաւորապէս 783 միլիոն տոլար)` դատախազութեան, իրաւապահ ու դատական մարմիններու համար: