ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Կարգապահ էք եւ բոլոր գործերը կատարեալ կը կատարէք: Նաեւ կ՛ուզէք, որ ամէն մարդ նոյնը ըլլայ: Հակառակը ձեզ կը ջղայնացնէ, սակայն պէտք է գիտնաք, որ ամէն անձ նոյն ձեւով չի մտածեր:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շատ կը սիրէք յարաբերիլ մարդոց հետ, յաճախ հիւրեր կ՛ընդունիք, որոնք կը գնահատեն ձեզ. սակայն մի՛ չափազանցէք, սահմաններ դրէք, որպէսզի աւելի հաճելի դառնան հրաւէրները:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այս երեկոյ հիւրեր պիտի ընդունիք եւ շատ հաճելի ժամանակ պիտի ունենաք. մանաւանդ հրաւիրեալները ձեր ճաշակին յարմար նուէր մը պիտի ընեն ձեզի, որ մեծ անակնկալ մը պիտի ըլլայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այսօր մեծ փափաք ունիք գնումներ կատարելու. լաւ է, այդ ալ ուրախութիւն մըն է անշուշտ, սակայն ուշադրութիւն ըրէք, որպէսզի ձեր ամբողջ դրամը չվատնէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընդհանուր համերաշխութիւն կը տիրէ ընտանիքին մէջ. ամուսնացած զոյգերը միասնաբար կարեւոր ծրագիր մը պիտի մշակեն, որ յաջողութեամբ պիտի պսակուի: Ամէն մարդ ուրախ պիտի ըլլայ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր տրամադրութիւնը բարձրացնելու համար հեռու տեղ երթալու պէտք չունիք. շաբաթավերջի արձակուրդ մը շատ աւելի նպաստաւոր կ՛ըլլայ եւ ձեզի ուրախութիւն կը պատճառէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այսօր բարձր տրամադրութիւն ունիք եւ կ՛ուզէք ձեր տան առարկաները փոխել, ինչ որ շատ կը փափաքէիք այս գնումները կատարելով` հոգեկան մեծ բաւարարութիւն մը պիտի ունենաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Վերջապէս, այսօր ուրիշները պիտի մոռնաք եւ միայն ձեր մասին պիտի մտածէք: Դուք ալ իրաւունք ունիք ձեր փափաքները կատարելու: Ձեր սիրած մէկ անձին հետ երկու օր պիտի առանձնանաք եւ շատ հաճելի շաբաթավերջ մը պիտի ապրիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կ՛ուզէք, որ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ ձեր ճաշակին պէս ապրի եւ ձեր ուզածը ընէ: Անշուշտ ճիշդ չէ, եւ միւսներուն հաճելի պիտի չթուի: Ամէն անձ իր ապրելակերպը կ՛ունենայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Այսօր կարծէք տօնական օր մըն է ձեզի համար. ամէնէն պզտիկ դէպքը ձեզ կ՛ուրախացնէ եւ անշուշտ լաւ է: Ամբողջ օրը այսպէս պիտի ընթանայ, եւ դուք ձեզ ամպերու վրայ պիտի զգաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Այսօր շատ կեդրոնացած էք եւ ոչինչ ընել կ՛ուզէք: Պիտի փափաքիք տունը մնալ եւ կատարեալ հանգիստ ընել: Շաբթուան յոգնութենէն ետք իրաւունք ունիք անշուշտ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դուք ձեզ արտայայտելու մեծ դիւրութիւն ունիք, եւ ամէն մարդ ձեզ լաւ կը հասկնայ: Ընկերութեան մէջ լաւ դիրք մը ունիք, սակայն գիտցէք, որ նախանձողներ ալ ունիք:
 
			