ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ընտանիքին եւ ընկերութեան մէջ յարաբերութիւնները կատարեալ են. ամէն անձ իր գործին գիտակցութիւնը ունի, եւ համերաշխութիւնը կատարեալ է, ինչ որ բոլորին գործը կը դիւրացնէ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Այսօրուան գործը վաղուան չեն ձգեր` կ՛ըսուի. սակայն, կարծէք, դուք այդպէս չէք ըներ, եւ ձեր ընելիքները կը բարդանան: Դժուարութիւն պիտի ունենաք զանոնք կատարելու: Օրը օրին կատարելով ձեր գործերը` աւելի նուազ կը յոգնիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Անհաճոյ, սակայն ոչ տխուր լուր մը պիտի ստանաք: Ամէն օր նոյն ընթացքը չէք ունենար: Ձեր ասպարէզին վերաբերեալ առաջարկ մը պիտի ստանաք, որ սիրայօժար պիտի ընդունիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ամուսնացած էք, այսօր ձեր զաւակները պիտի ուրախացնէք` անոնց նուէրներ տալով. այս ալ սրտի գոհունակութիւն կու տայ ձեզի: Տան մէջ ընդհանուր խաղաղութիւն կը տիրէ, եւ ամէնքը ուրախ են:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ո՛չ մէկ հարց ունիք ձեր շրջապատին հետ: Օրը հեզասահ պիտի ընթանայ: Արտասահմանէն լուր մը պիտի ստանաք, որ շատ պիտի ուրախացնէ ձեզ: Կարճ ճամբորդութիւն մը կը նախատեսուի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շատ զօրաւոր նկարագիր ունիք եւ շատ ինքնավստահ էք. ձեր աշխատավայրին մէջ ձեր գործակիցները միշտ ձեր կարծիքին կը դիմեն եւ բնաւ յուսախաբ չեն ըլլար: Ամէն ինչ կատարեալ կ՛ընէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր հմայքը անտարբեր չի ձգեր շրջապատի մարդիկը, ամէն ոք ձեզմով կը հրապուրուի: Անշուշտ առաւելութիւն մըն է, որուն գիտակցութիւնը ունիք: Եթէ տակաւին ամուրի էք, ի՞նչ կը սպասէք: Ձեր ընտրութիւնը կատարեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Վարպետ խոհարար մըն էք, եւ ամէն մարդ ձեր համադամ կերակուրները վայելել կ՛ուզէ: Այս ալ արուեստ մըն է: Ձեր բարեկամները ձեզմէ ճաշի հրաւէր մը կը սպասեն: Ինչո՞ւ մերժել զանոնք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընկերութեան մէջ ընդհանրապէս սիրուած էք, եւ ձեր ներկայութիւնը միշտ հաճելի է: Մարդոց այս զգացումները ձեր սրտին կը խօսի եւ անշուշտ ձեզի մեծ գոհունակութիւն կու տայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Աստղերը շատ փայլուն են: Այսօր շատ բախտաւոր պիտի ըլլաք: Կարեւոր գումար մը պիտի ունենաք` ժառանգ մը կամ վիճակահանութիւն մը: Խոհեմ գտնուեցէք եւ այդ գումարը մի՛ վատնէք: Միշտ այսպիսի առիթներ չեն ներկայանար:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Արտասահման գտնուող բարեկամ մը ձեզի գործ մը պիտի առաջարկէ. լաւ մտածեցէք եւ եթէ յարմար կը թուի ձեզի, ընդունեցէք: Հաւանաբար ձեր ապագան աւելի լուսաւոր կ՛ըլլայ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Երկար մտածումներէ ետք, վերջապէս պիտի կարենաք որոշում մը տալ, որ ձեր առօրեան բոլորովին պիտի փոխէ: Յաջողութիւններ պիտի ունենաք եւ պիտի զարմացնէք ձեր բարեկամները: