ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կարգ մը անհասկացողութիւններու պատճառով բարեկամէ մը հեռացած էք: Այսօր լուսաբանութիւններէ ետք ձեր մտերմութիւնը հաւանաբար պիտի վերագտնէք եւ զիրար պիտի հասկնաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ընտանիքին մէջ կատարեալ խաղաղութիւն կը տիրէ, եւ ամէն անձ իր պարտականութիւնը կը կատարէ: Ծնողներ բարեացակամ են իրենց զաւակներուն հանդէպ: Սէրը տիրապետած է տան մէջ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շաբթուան յոգնութենէն ետք բնութեան մէջ պտոյտ մը մեծապէս պիտի կազդուրէ ձեզ: Հաճելի եղանակներ եւ գիրքեր ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրացնեն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ամբողջ օրը պիտի պտըտիք եւ գնումներ պիտի կատարէք: Ձեր ամբողջ դրամը մի՛ վատնէք, որպէսզի նեղ կացութեան չմատնուիք: Շռայլութենէ հեռու մնացէք եւ ձեր ապագան մտածեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ձեր տան մէջ փոփոխութիւններ կը փափաքիք, կրնաք քանի մը առարկաներ նորերով փոխարինել: Այսպիսով, ձեր տրամադրութիւնն ալ կը բարելաւուի, եւ դուք ալ կը նորոգուիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շաբթուան մը տաղտուկէն ետք, այսօր կատարեալ հանգիստ պիտի ընէք, ո՛չ հիւր պիտի ընդունիք, ո՛չ ալ դուք դուրս պիտի ելլէք: Քանի մը հեռաձայնային կապեր եւ` այդքան:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երկար ժամանակէ ի վեր ձեր բարեկամները չէ՞ք տեսած: Խնճոյք մը սարքեցէք եւ զանոնք հրաւիրեցէք: Անոնք անշուշտ սիրայօժար պիտի ընդունին ձեր հրաւէրը: Այսպիսով, առիթ կ՛ունենաք զիրար տեսնելու եւ ուրախանալու:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Երկար ժամանակէ ի վեր շատ կ՛աշխատիք եւ յոգնած էք: Կատարեալ հանգիստի պէտք ունիք: Այս շաբաթավերջին կրնաք լեռ բարձրանալ եւ բնութեան ծոցին մէջ հանգստանալ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Քանի մը բարեկամներով անմոռանալի ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք, որ ձեզ բոլորովին պիտի փոխէ: Տարբեր կենցաղներ եւ մշակոյթ: Ձեր գիտութիւնն ալ պիտի զարգանայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր նկարագրին յարմարող անձի մը հետ գործ մը պիտի սկսիք: Թէեւ սկիզբը քիչ մը դժուարութիւններ պիտի ունենաք, սակայն փոքր քայլերով պիտի յառաջդիմէք եւ յաջողութիւն պիտի ունենաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր կարծիքները, երազները եւ յոյսեր բաժնեցէք ձեր սիրած անձին հետ, որպէսզի ձեր կապերը ամրանան: Անկեղծութիւնը եւ սէրը յաջողութեան բանալին են:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Այսօր ձեր տան մէջ նորոգութիւններ եւ փոփոխութիւններ պիտի կատարէք: Արուեստի նկարներ մեծ տեղ պիտի գրաւեն, կարծէք` ցուցասրահ մը ըլլայ ձեր տունը: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ եւ կարծէք` ուրիշ աշխարհի մէջ պիտի գտնուիք: