Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տնտեսական Եւ Ընկերային Խորհուրդի Կազմութիւնը Առիթ Պիտի Տայ Գործատէրերուն Եւ Աշխատաւորներուն Միջեւ Երկխօսութեան Սկսելու» Նախագահ Աուն

October 11, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան շեշտեց, որ տնտեսական մակարդակի վրայ իրականացող նուաճումներուն պիտի յաջորդեն փտածութեան դէմ պայքարը եւ սպառողական մարզին պարագային հաւասարակշռութեան գոյացումը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ երկրին ելեւմտական կայունութեան պահպանումը բոլորին պատասխանատուութիւնն է` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի կազմութիւնը առիթ պիտի տայ գործատէրերուն ու աշխատաւորներուն միջեւ երկխօսութեան սկսելու եւ յանգելու ընկերային նոր իրականութեան մը, որ կը համապատասխանէ տարբեր մարզերուն մէջ պետութեան սկսած զարթօնքի ուղիին:

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու իմաստով անոր ի գործ դրած ջանքերուն, ինչպէս նաեւ պետական ամավարկը պատրաստելու եւ երկիրը բարեկարգումի հունին մէջ դնելու համար:

Ասմար ողջունեց նաեւ բանակին կողմէ Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքները ազատագրելու յաղթական գործողութիւնը: Ան նշեց, որ ապահովական այս նուաճումին զուգահեռ, բանակայիններու աշխատավարձերու յաւելումներուն վաւերացումը կրկնապատկեց բանակին ուրախութիւնը:

Ասմար նախագահ Աունին յանձնեց տեղեկագիր մը պետական պիւտճէի նիւթական բացը ֆինանսաւորելու տուրքերուն մասին, յատկապէս նկատի ունենալով, որ առաջարկուած այդ տուրքերուն մէկ մասը ընկերային արդարութիւնը կը խախտեն:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ ծրագրաւորումի պետական նախարար Միշել Ֆարաոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ վարձքերու օրէնքին եւ վարձուորներու յատուկ ֆոնտին վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Ռաէտ Խուրի, որ յայտնեց, թէ նախագահ Աունը տեղեակ պահած է Միացեալ Նահանգներ կատարելիք իր այցելութեան եւ Միջազգային դրամատան ու Միջազգային դրամական ֆոնտին ժողովներուն իր մասնակցութեան մասին:

Խուրի նշեց, որ նախագահ Աունը տեղեակ պահած է նաեւ, թէ վերջերս Լիբանանի մէջ սպառող հիմնական արտադրութիւններուն սակը աճ չէ արձանագրած` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը իր խիստ հսկողութիւնը կը շարունակէ ապօրինի սղաճը զսպելու նպատակով:

Նախորդը

Հարիրի Կ՛ողջունէ Իրաւաբանները` Զանոնք Նկատելով Իրաւունքի, Արդարութեան Եւ Ազատութեան Առաքեալներ

Յաջորդը

Կարօ Փայլանը Դաշնակցական Երիտասարդներուն Հետ Զրուցած Է Արեւմտահայաստանի Ներկայ Իրավիճակին Մասին

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.