«Երկիր» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած է Հայ դատի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած «ANCA Grassroots» խորհրդաժողովը, որուն հրաւիրուած է նաեւ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան:
Խորհրդաժողովէն անմիջապէս ետք Փայլան հանդիպած եւ զրուցած է դաշնակցական երիտասարդներու հետ: Հայ երեսփոխանը երիտասարդներուն հետ խօսած է Արեւմտահայաստանի ներկայ իրավիճակին մասին:


