ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մի՛ մտահոգուիք. ամէն ինչ դիւրին պիտի ընթանայ, եւ ձեր բոլոր գործերը առանց դժուարութեան պիտի կատարէք եւ յաջող վերամուտ մը պիտի դիմաւորէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Այսօր ամէն ինչ սահուն պիտի ընթանայ: Ձեր մտահոգութիւնները պիտի վերնան եւ ձեր ուզածին եւ փափաքածին համեմատ պիտի դասաւորէք ամէն բան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այսօր կրնաք մանր-մունր մտահոգութիւններ ունենալ, սակայն` ոչինչ, դուք նման օրեր շատ տեսած էք: Ձեր համբերութեամբ եւ իմաստութեամբ ամէն հարց պիտի կարենաք լուծել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շատ յաջող օր մը պիտի ունենաք. ինչ որ ընէք, յաջողութեամբ պիտի աւարտի, ձեր բոլոր խնդրանքները պիտի կատարուին: Այլապէս ըսած` ձեր աստղը շատ փայլուն է այսօր:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ձեր դրամական հարցերը ձեզի մտահոգութիւն կը պատճառեն, միջոցներ պիտի գտնէք. ամէն լուծում ձեզմէ կախում ունի. ձեր ծախսերը նուազեցնելով` բնականոն կեանք կ՛ունենաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Յաջող օր մը պիտի ունենաք. ո՛չ մէկ դժուարութիւն. նոյնիսկ պիտի կարենաք օգնել անոնց, որոնք նեղ կացութեան մատնուած են: Ա՛յս ալ գոհունակութիւն մըն է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կարգ մը հարցեր ունիք լուծելիք. պէտք չէ աճապարել, լաւ մտածելով եւ ուսումնասիրելով` ամէն ինչ պիտի դասաւորուի, եւ ձեր մտահոգութիւնները պիտի փարատին:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ ծրագիր մը ունիք, որ նաեւ ուրիշներէ կախեալ է, մի՛ մտահոգուիք: Ձեզի պիտի արտօնուի ձեր ծրագիրը ի գործ դնել: Անվախօրէն գործի անցէք: Յաջողութիւն ձեզի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նոր գործ մը կ՛ուզէք ընել: Ո՛չ մէկ մտահոգութիւն: Գործի սկսէք, աստղերը ձեր կողքին են եւ յաջողութիւն կը խոստանան: Դուք ձեր ուշիմութեամբ պիտի կարենաք տեղ հասնիլ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Երկար ժամանակէ ի վեր ձեր երազած մէկ գործը պիտի կարենաք սկսիլ եւ յաջողցնել: Վերջապէս պիտի կարենաք ձեր փափաքը իրականացնել: Բարի՛ երթ ձեզի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ ձեր գործերը խճողուած են, կարելի չէ բոլորը մէկ կատարել: Ժամանակ տրամադրեցէք, եւ կարգով ամէն ինչ կը կատարուի: Լաւ դասաւորելով` յաջողութիւն կը գտնէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեզի հակառակող անձեր կան ձեր շուրջը: Եթէ ընկերովի գործ մը կը կատարէք, ուշադրութիւն ըրէք, որպէսզի ձեզ չխաբեն: Աւելի արթուն եղէք եւ կուրօրէն մի՛ վստահիք: