Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Դպրոցական վերամուտը կը տարբերի երկրէ երկիր` նայած անոնց աշխարհագրական դիրքին եւ կլիմային:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ եւ ՌՈՒՍԻՈՅ մէջ դպրոցական վերամուտը սեպտեմբեր 1-ին է: Այս օրը նաեւ «Գիտելիքի օր» կը կոչուի: Դպրոցականները կը կրեն յատուկ դպրոցական տարազ, աղջիկները իրենց մազերը կը յարդարեն ճերմակ, խոշոր ժապաւէններով եւ բոլորը անխտիր ծաղկեփունջեր կը նուիրեն իրենց ուսուցչուհիներուն:
* * *
ԳԵՐՄԱՆԻԱ դպրոցական վերամուտը կը սկսի օգոստոսի վերջը, սեպտեմբերի սկիզբը: Աւանդութեան համաձայն, դպրոցականները այդ օրը կը ստանան սքալչըր մը, որ բառացի կը նշանակէ «դպրոցական պայուսակ»: Անիկա կոնաձեւ տուփ մըն է, լեցուն` գրենական պիտոյքներով, շաքարի եւ տուրմի տեսակներով: Սքալչըրը կարելի է գնել խանութներէն, սակայն շատ մը ծնողներ անձամբ կը պատրաստեն զայն:
Կոնաճեւ այս տուփերը դպրոցական պայուսակը չեն փոխարիներ, պարզապէս հաճելին կը միացնեն օգտակարին:
* * *
ՃԱՓՈՆԻ մէջ դպրոցական վերամուտը ապրիլ 1-ին է: Այդ առիթով իւրաքանչիւր երեխայ կը ստանայ «Ռոնտոսերու » կոչուած ուսապարկ մը, որ սովորաբար կարմիր կ՛ըլլայ աղջիկներուն պարագային, իսկ սեւ` տղոց: Պայուսակին մէջ կ՛ըլլան գիրքեր, օրիկամի թուղթեր եւ «ֆիւտեպաքօ» կոչուած ճափոնական գրչատուփ մը:
* * *
ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ մէջ դպրոցական վերամուտը կը զուգադիպի օգոստոսի վերջին օրերուն: Այդ օրը ծնողները իրենց զաւակները դպրոց կը տանին «Պեքֆիեթսըն» բեռնատար հեծանիւներով: Երեխաները կը նստին հեծանիւին կցուած սայլին մէջ եւ ուրախ-զուարթ կ՛ուղղուին դպրոց:
* * *
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ մէջ դպրոցական վերամուտը կ՛երկարի երեք օրուան վրայ: Այդ օրերուն աշակերտները առիթ կ՛ունենան իրարու ծանօթանալու, ընկերանալու եւ միասին զուարճանալու:
Հոս ուսուցիչներն են, որ ծաղիկ կը բերեն աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ` համեղ ուտելիքներ:
Գիտէ՞ք, թէ…
Աւստրալիոյ մէջ դպրոցական օրը կ՛երկարի առաւօտեան ժամը 9:00- 3:30
Չինաստան` 7:30-5:00
Ֆրանսա` 8:00-4:00
Գերմանիա` 7:30-6:00 (կարգ մը աշակերտներու համար)
Ճափոն` 8:30-5:00
Ռուսիա` 8:30-3:30
Անգլիա` 9:00-3:15
Անշուշտ բոլոր երկիրներու պարագային կան ճաշի դադարներ, որոնք կ՛երկարին կէս ժամէն մինչեւ երեք քառորդ ժամ:
Առողջապահական
Ուղեղին Համար Վնասակար
Սովորութիւններ
Ինչպէս մեր մարմինին բոլոր գործարանները, ուղեղը եւս կրնայ տուժել զանազան գործօններէ: Ստորեւ կը ներկայացնենք ամէնօրեայ սովորութիւններ, որոնք կրնան վնասել մեր ուղեղին:
Շփման պակասը
Հաստատուած է, որ օրուան ընթացքին նոյնիսկ 10 վայրկեան ուրիշներու հետ յարաբերութիւնը կը զարգացնէ մտածական ունակութիւնը:
Չափէն աւելի շաքարը
Շաքարի չափազանց սպառումը բացասական ազդեցութիւն կը գործէ ուղեղին յիշողութեան եւ ընկալման համար պատասխանատու բջիջներու արտադրութեան վրայ:
Մարզանքի բացակայութիւնը
Ծանօթ է, որ ուղեղին «արտադրողականութեան» գագաթնակէտը 26 տարեկան է, սակայն անկէ ետք ալ կարելի է զայն լաւ մարզել` խաչբառներ լուծելով, բառախաղեր խաղալով, կարդալով եւ այլն…
Նախաճաշէն հրաժարիլը
Հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ նախաճաշի բացակայութիւնը կը պակսեցնէ արեան մէջ շաքարի քանակը, ինչ որ բացասաբար կ՛ազդէ ուղեղի աշխատանքին վրայ:
Ֆասթֆուտը
Սնունդին մէջ ֆասթֆուտի գերակայութիւնը բացասաբար կ՛ազդէ ուղեղի բջիջներու փոխադարձ կապին վրայ, այսինքն` սորվելու ունակութեան, կարճատեւ եւ երկարատեւ յիշողութեան վրայ:
Պաղպաղակը
Շատ պաղ ուտելիքը կը նեղցնէ ուղեղին անօթները եւ գլխացաւ կը պատճառէ:
Բջիջային հեռախօսը
Բժիշկները կը թելադրեն բջիջային հեռախօս գործածելու ատեն բարձրախօսը բանալ եւ այդպէս խօսիլ, իսկ քնանալու ատեն` զայն բարձին տակ չդնել:
Ալքոլը
Ալքոլային խմիչքներու չափազանցութիւնը կը խաթարէ ուղեղի բջիջներուն փոխադարձ հաղորդակցութիւնը:
Ծխախոտը
Ծխելը կը բարակցնէ ուղեղին մաշկը, ինչ որ բացասաբար կ՛անդրադառնայ մտածական գործընթացին վրայ:
Քնանալու ատեն գլուխը ծածկելը
Քնանալու ատեն պէտք չէ ծածկել շնչառական գործարանները, որովհետեւ թթուածինը կը նուազի, եւ մենք կը շնչենք արտաշնչուած օդը, որ մեծ քանակութեամբ բնածխական կազ կը պարունակէ:
Պաղպաղակը
Շատ պաղ ուտելիքը կը նեղցնէ ուղեղին անօթները եւ գլխացաւ կը պատճառէ:
Սննդագիտական-Առողջապահական
Ամառնային Աղցանները
«Ծանրացնող» Ուտելիքներ
Աղցանները համեղ, առողջապահական, սննդարար եւ չգիրցնող ամառնային յարմարագոյն ուտելիքներն են: Անոնք, սակայն, այս յատկութիւնները կը կորսնցնեն, եթէ կարգ մը բաղադրիչներ չափազանցուած ձեւով աւելցնենք պատրաստութեան ընթացքին:
Այսպէս, յանձնարարելի է խուսափիլ`
- Տապկուած հացի խորանարդներէն, որոնք շուկան կը ծախուին յատուկ աղցանի գործածութեան համար: Այդ հացերը կարելի է փոխարինել փուռը խորոված սեւ հացով:
- Պանիրէն, յատկապէս` իւղոտ տեսակներէն, եւ նախապատուութիւնը տալ մոցարելլային, ֆեթային, հալլումին:
- Վերամշակուած միսերէն եւ զանոնք փոխարինել հնդկահաւի կամ հաւի միսով:
- Իւղի մէջ տապկուած բանջարեղէններէն (պղպեղ, սմբուկ, լոլիկ եւ այլն…): Զանոնք կ՛արժէ փոխարինել թարմ տեսակներով, ի հարկին` բուրաւէտ խոտեր գործածելով:
- Ձիթապտուղէն, որ թէեւ շատ համեղ է, բայց միեւնոյն ատեն` իւղոտ: Լաւ կ՛ըլլայ, որ անոր գործածութիւնը կիսով պակսի եւ թիւը 5-6 հատը չանցնի:
- Մայոնեզէն, որ դարձեալ շատ ջերմուժ կը պարունակէ: Նախընտրելի է զայն փոխարինել կիտրոնի հիւթով, քացախով կամ մածունով:
- Վերոյիշեալ բաղադրիչներուն քանակը նուազեցնելով կամ զանոնք փոխարինող տարբերակները գտնելով` հարցը կը լուծուի:
Անյայտ Արձաններ
«Վարք Յաւերժութեան»
Մեր սիրելի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ «ծնած են» ու «կ՛ապրին» արձաններ եւ քանդակներ, որոնց քովէն յաճախ կ՛անցնինք, բայց չենք գիտեր, թէ ի՛նչ պատմութիւն ունին անոնք: Մէկ մասն ալ «պահուըտած է» քաղաքի այգիներուն եւ բակերուն մէջ, եւ լռած են իրենց գոյութեան մասին:
Ծանօթանանք անոնցմէ մէկուն, քանի որ մեզի պատմելու շատ բան ունի:
Մոսկովեան-Տէրեան խաչմերուկին յարակից տարածութեան մէջ տեղադրուած է «Վարք յաւերժութեան» անունը կրող, պրոնզէ ձուլուած, երեք մեթր բարձրութեամբ արձանը:
«Մշոյ ճառընտիր» մատեանը խորհրդանշող քանդակը Դաւիթ Երեւանցիին նուէրն է Հայաստանին` հայ գրատպութեան 500-ամեակին եւ Երեւանը գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակուելուն առիթով:
Արձանի բացման առիթով Դաւիթ Երեւանցին յայտնած է, որ շուրջ 2 տարի աշխատանք խլած արձանը քանդակած է մեծարելու համար հայ կինը` ազգային ինքնութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ անոր ունեցած բացառիկ դերակատարութեան համար:
Դաւիթ Երեւանցի
Փարիզ ապրող եւ ստեղծագործող Դ. Երեւանցին մասնակցած է միջազգային ցուցահանդէսներու` Պուլկարիա, Գերմանիա, Ֆրանսա, Ֆինլանտա, Իտալիա, Ճափոն, Պելճիքա…
1970-73 տարիներուն մասնակցած է Շախմատի տան եւ Տիկնիկային թատրոնի շէնքերու ձեւաւորման աշխատանքներուն, իսկ 1980-ին կատարած է Իսի լը Մուլինոյի հայկական եկեղեցիին ճակատի յարդարանքի աշխատանքները:
Քանդակագործ Դ. Երեւանցիին գործերէն կ՛արժէ յիշել`
Ուիլիըմ Սարոյեանի արձանը (Երեւան),
Կոմիտասի յուշարձանը (Փարիզ),
Ղարաբաղցի կինը (Երեւան), որ կերտուած է ծնունդով շուշեցի, մենապարուհի եւ երգչուհի Արեւ Բաղդասարեանի կերպարով: Խորհրդային իշխանութիւնները արգիլած էին քանդակը տեղադրել քաղաքին մէջ. անիկա երկու տարի մնաց ձուլարանը: Արցախեան շարժումէն ետք, 1988-ին արձանը տեղադրուեցաւ Օփերային մօտ: Սայաթ Նովա եւ Տէրեան փողոցներու խաչմերուկին վրայ:
Խոհագիր
Կիտրոնով Կարկանդակ
Բաղադրութիւն
125 կրամ կարագ
125 կրամ շաքար
125 կրամ ալիւր
2 հաւկիթ
2 կիտրոն
2 դգալ պէյքինկ փաուտըր
Պտղունց մը աղ
Պատրաստութիւն
Խորունկ ամանի մը մէջ կարագն ու շաքարը զարնել ոչ ելեկտրական հարիչով (թել գործիքով), ապա մէկ-մէկ աւելցնել հաւկիթները եւ շարունակել զարնել:
Կիտրոնի կեղեւները քերոցէ անցընել եւ աւելցնել խառնուրդին, նոյնպէս ալ` կիտրոններուն հիւթը:
Զատ ամանի մը մէջ խառնել ալիւրը, պէյքինկ փաուտըրն ու աղը, ապա աւելցնել խառնուրդին:
Կարկանդակին կաղապարը կարագով ծեփել, շաքար սփռել, լեցնել խմորը եւ 180 ջերմաստիճանով նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել շուրջ 25 վայրկեան:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
***
Խեղդուելու չափ պէտք ունեմ ես
Լաւ ընկերոջ ու լաւ մարդկանց.
Ոչ մի թաւիշ շող ու շքեղ,
Ոչ մի գունեղ մետաղ ու գանձ.
Ոչ մի թռիչք` երկինք հասնող,
Փառքի կատար ամենախանձ,
Ու պարտադիր սուտ սէրերի,
Ոչ մի կպչուն սոսինձ ու սանձ:
Մաքուր, մաքուր ու լուսնատես,
Լուսաբացի ցուրտ օդի պէս.
Ես յոգնել եմ, յոգնել եմ ես
Ձեւացնելով ու ձգելով,
Չեղած լաւը սուտ փքելով,
Յոյս տալով ինձ, սպասելով,
Ու մեղաներ ինձ ասելով:
Տարիները եկել դիզուել`
Ծանրացել են թռիչք ու թափ,
Լաւ սրտերի պէտք ունեմ ես
Խեղդուելու չափ,
Խեղդուելու չափ:
ՄԱՐՕ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ