ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Նոր գործի մը ծրագիրը ունիք, որ երկար ժամանակի կը կարօտի: Կարեւորը հետապնդել եւ յաջողիլն է: Ժամանակը իմաստ չունի: Ձեզի կը մնայ աշխատիլ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ ամուրի էք, ձեր երազները պիտի իրականանան եւ երջանիկ ամուսնութիւն մը պիտի կնքէք. իսկ ամուսնացած զոյգերը իրենց սէրը աւելի պիտի ամրապնդեն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Նոր ասպարէզ մը կ՛ուզէք սկսիլ, որուն համար դժուարութիւններու պիտի հանդիպիք: Դուք ձեր յարատեւութեամբ եւ համբերութեամբ պիտի յաջողիք եւ յառաջդիմէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր նախազգացումները ձեզ չեն խաբեր. ձեր շուրջինները կ՛ուզեն ձեզ համոզել որեւէ մէկ բանի համար, սակայն դուք ձեր համոզումները կայացուցած էք արդէն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Միշտ իրապաշտ եղէք, երեւակայութեամբ մի՛ ապրիք, ինչ որ կ՛ուզէք ընել, հաւասարակշռեցէք, որպէսզի սխալ քայլեր չառնէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ընտանիքին մէջ անհասկացողութիւններ կան, փափկանկատ եղէք եւ առանց մտածելու ոեւէ մէկը մի՛ վիրաւորէք: Կրնաք սխալիլ եւ ապագային զղջալը ուշ կ՛ըլլայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ ձեր աշխատավայրին մէջ պէտք եղածին չափ չեն գնահատեր, դուք ձեզ պարտադրեցէք եւ ցոյց տուէք, որ առանց ձեր մասնակցութեան` գործը լաւ չ՛ընթանար:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր փափկանկատութեամբ յաջողած էք լաւ ընկերներ եւ բարեկամներ ունենալ: Ամէն մարդ ձեր ընկերակցութիւնը վայելել կ՛ուզէ: Անոնք յուսախաբ չեն ըլլար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Գէշ յիշատակները ձեզ կ՛անհանգստացնեն. բոլորը ջնջեցէք եւ նոր կեանք մը սկսեցէք: Կեանքը միայն ցաւեր չի տար, կրնաք հաճելի կեանք մը ունենալ եւ անցեալը կը մոռնաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր ասպարէզին մէջ յառաջդիմելու համար նոր աղբիւրներ փնտռեցէք եւ կիրարկեցէք: Յաջողութիւնը տկարութիւն չի ճանչնար, հետապնդելը միշտ նորութիւններ կը բերէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր կարողութիւններէն աւելի բարձրերը մի՛ երթաք. պզտիկ գործով շատ աւելի կրնաք տեղ հասնիլ եւ աստիճանաբար բարձրանալ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դուք գիտակցութիւնը չունիք, թէ ի՛նչ մեծ ազդեցութիւն բանեցուցած էք ձեր շրջապատի անձերուն վրայ: Այս ալ ձեր նկարագրին համեստ կողմն է: