ՏԱՀԵՇ-ի դէմ լիբանանեան բանակին սանձազերծած «Բարձունքներու արշալոյսը» ճակատամարտը շարունակուեցաւ նաեւ երէկ, երբ բանակին օդուժը իր «Սեսնա» ռմբաձիգերով ռմբակոծեց Ուատի Մարթպայայի մէջ գտնուող ահաբեկիչներուն դիրքերը` սպաննելով եւ վիրաւորելով մեծ թիւով ՏԱՀԵՇ-ականներ:
Բանակը կը շարունակէ պատրաստուիլ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ իր մղած պատերազմի չորրորդ, վերջին եւ ամէնէն դժուար փուլին:
Ահաբեկիչներուն շրջափակման օղակը սեղմելու աշխատանքները եւս կը շարունակուին բանակին կողմէ, իսկ սակրաւորները տակաւին կը վնասազերծեն ազատագրուած տարածքներուն մէջ գտնուող ականները:
Երեկոյեան ժամը 9:30-ին բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդեց, որ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ բանակի զինուորական մեքենաներէն մէկը ենթարկուած է ահաբեկիչներու գնդակոծումին, որուն պատճառով նահատակուած է բանակային մը:
«Շարք Աուսաթ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով զինուորական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ առեւանգուած բանակայիններուն ճակատագիրին բացայայտումը առաջնահերթութիւն է:
«Նաշրա» կայքին համաձայն, ՏԱՀԵՇ-ի հետ բանակցելու համար լիբանանեան բանակը ունի երկու նախապայման. ա) առանց զինադուլ յայտարարելու իմանալ 2014-ին առեւանգուած 9 բանակայիններուն ճակատագիրին մասին եւ բ) ահաբեկիչներուն անձնատուր ըլլալը: Ըստ նոյն կայքին, ՏԱՀԵՇ-ի էմիր Մուաֆաք Ժըրպանի (ծանօթ` Ապուլ Սուս կեղծանունով) բանակցելու նախապայմանն է ռմբակոծումի կասեցումը եւ ապա դէպի Տէր Զօր անցքի մը մասին խորհրդակցութիւններ կատարելը: Ապուլ Սուս շեշտած է, թէ ինք ապահով կերպով դէպի Տէր Զօր փոխադրուելէ ետք միայն համաձայն կը գտնուի բացայայտելու առեւանգուած բանակայիններուն ճակատագիրը:
Միւս կողմէ, սուրիական բանակն ու Հըզպալլայի մարտիկները ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրեցին Տալիլ Ֆախուրիէ, Ուատի Համամ, Տհուր Խշըն, Սարժ Քաուամիյ, Խըրպէ, Մըրթայսէ եւ Պրիժ բարձունքները:
Սուրիական բանակն ու Դիմադրութեան մարտիկները ՏԱՀԵՇ-ի անդամները շրջափակեցին Ռիֆ Հոմսի մէջ` տիրելով նաեւ Քուրիյաթ բարձունքին, Ուատի Ռապահիէի, Պիր Ապպուտի եւ Ուատի Հարֆի:



