Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ուղղուեցաւ Պաթրունի շրջան, ուր բացումը կատարեց բարգաւաճման կարգ մը ծրագիրներու:
Ընկերակցութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, նախագահ Աուն ուղղուեցաւ Պաթրունի բարձունքները գտնուող Տումա եւ Թաննուրին շրջանները, ուր դիմաւորուեցաւ այդ շրջաններու քաղաքապետներուն կողմէ, որոնցմէ իմացաւ ճամբաներու վերանորոգման եւ կառուցման բարգաւաճման ծրագիրներուն մանրամասնութիւնները:
Նախագահ Աունի շքախումբը Տումայէն ուղղուեցաւ Պաթրուն, ուր բացումը կատարեց Քտտիսին ճամբուն` ներկայութեամբ Պաթրունի քաղաքապետ Մարսելինօ Հըրըքի:
Ապա նախագահ Աուն ուղղուեցաւ Էտտէ գիւղաքաղաքը, ուր դիմաւորուեցաւ տեղւոյն եկեղեցւոյ զանգերուն ղօղանջներով, յաղթանակի կամարներով, ողջոյնի խօսքեր կրող պաստառներով եւ ծափողջոյններով:
Նախագահ Աուն այցելեց նաեւ Ժրան գիւղաքաղաք:
Իսկ Ժարապթայի մէջ նախագահ Աուն ուղղուեցաւ տարեցներու խնամքի յատուկ «Պէյթ Ռաֆքա» համալիրը, ուր դիմաւորուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ:
Նախագահ Աուն եւ Ռայի պատրիարքը միասնաբար բացումը կատարեցին համալիրին:



