Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 72-ամեակին առիթով արձակեց օրուան հրահանգը, որուն մէջ նշեց, որ 27 օգոստոսին զուգադիպող Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան օրը լիբանանցիները միասնականացնող ազգային տօն է:
Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը իրեն հպարտութիւն կը ներշնչեն, իսկ այդ ուժերուն շարքերուն մէջ արձանագրուած նահատակները` փառք:
«Այս տօնը կ՛արժեւորուի եւ կ՛իմաստաւորուի ամբողջ տարուան ընթացքին արձանագրուած ապահովական նուաճումներով, որոնք դրսեւորուեցան այդ ուժերուն գործելաձեւին արդիականացումով, ներքին լիբանանեան կայունութեան պահպանումով, քաղաքացիական անվտանգութեան երաշխաւորումով, գետնի վրայ ներկայ ըլլալով, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ արձանագրուած ապահովական կանխարգելիչ գործողութիւններով», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը պաշտպանուողի իրենց դիրքէն անցած են ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի նախաձեռնելու, ինչպէս նաեւ թշնամի Իսրայէլին գործակալները բացայայտելու դիրքին:
Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ զինուորականներուն կորովը եւ ահաբեկչութեան դէմ գոյատեւումը Լիբանանը փրկած են շրջանը կլանող հրդեհէն:
«Դուք պարտականութեան, դերակատարութեան ու խոստումի մակարդակին վրայ գտնուեցաք եւ հերոսութիւններ արձանագրեցիք` բարձր պահելով մեր կառոյցին անունը: Ձեր նուիրումին շնորհիւ պահպանեցիք ձեր երկրին ու պետութեան կայունութիւնը, երբ այլ երկիրներ ահաբեկչութեան կողմէ ծանր հարուածներ կը ստանային», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ Մայրիներու երկրին մէջ ահաբեկչութեան համար նպաստաւոր միջավայր չկայ:
Ապպաս Իպրահիմ նկատել տուաւ, որ ապահով Լիբանանի մը կառուցումը պատասխանատու գործ է եւ բազմաթիւ զոհողութիւններու կարիքը ունի: «Պէտք է գիտնաք, որ յաջորդ փուլին ահաբեկչութիւնը պիտի շարունակէ գոյատեւել, այնքան ատեն որ միջազգային ընտանիքը ահաբեկչութեան ու անոր պատասխանատուներուն եւ անդամներուն դէմ գործելու միացեալ համաձայնութեան մը չէ յանգած», եզրափակեց ան:



