Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Ալի Ամիրի կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին Լիբանանի եւ Իրաքի պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու:
Այս շրջագիծին մէջ, Ամիրի հարցազրոյցի մը ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց ապահովական մարզին մէջ լիբանանեան-իրաքեան գործակցութիւնը:
Ամիրի շեշտեց, որ Մուսուլի մէջ ահաբեկչութեան դէմ արձանագրուած յաղթանակը պատճառ դարձած է ահաբեկչական խմբաւորումներու պառակտումին եւ տկարացումին, ինչ որ իր կարգին արտօնած է դրացի երկիրներուն, իրենց կարգին տապալելու ահաբեկչութիւնը:
«Հետեւաբար այս իրականութիւնը նկատի ունենալով պէտք է փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւել, ինչպէս նաեւ տնտեսական, առեւտրական եւ մշակութային գործակցութեան նախաձեռնել:
Ամիրի շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը անոր հերոսական կռիւներուն առիթով` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ-ի լուծէն Իրաքի ազատագրումը շրջանին վրայ իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ: