Ծոցի երկիրներու հարցերով Սէուտական Արաբիոյ պետական նախարար Թամեր Սապհան ընկերային ցանցին ընդմէջէն կատարած իր յայտարարութեամբ շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով լիբանանեան բանակին ջանքերը կը փաստեն, թէ երկիրներուն պաշտպանութիւնը միայն անոնց օրինական կառոյցներուն ընդմէջէն կարելի կը դառնայ եւ ոչ թէ համայնքային դրութեան ընդմէջէն:
Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Սապհան Լիբանանի մէջ կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին շեշտած է, թէ շրջանին մէջ տակաւին յստակ չէ, թէ ո՛վ յաղթական դուրս եկած է, հակառակ իրանեան քարոզչութեան:
Ըստ նոյն աղբիւրին, իր հանդիպումներուն ընթացքին Սապհան անդրադարձած է նախապէս լիբանանեան բանակին խոստացուած եւ ապա սառեցուած սէուտական զինուորական օժանդակութիւնը վերականգնելու հաւանականութեան: