Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 26, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով լիբանանեան բանակին ցուցաբերուած զօրակցութիւնը ողջունելի է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպումի երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ դրուատեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարիին Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար նշանակումը: Թոհմէ հաստատեց, որ Ծոցի երկիրներու հարցերով Սէուտական Արաբիոյ պետական նախարար Թամեր Սապհանի կատարած այցելութիւնը անկիւնադարձային է:

ԱՄԱԼ շարժումի նախագահ Խալիլ Համտան շեշտեց, որ Լիպիոյ վարչակարգին հետ յարաբերութիւնները պիտի չբարելաւուին, բացի եթէ իմամ Մուսա Սատըրի թղթածրարը բացայայտուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ հանգստեան կոչուած զինուորականներուն իրաւունքը զլացողներուն անունները պէտք է բացայայտօրէն յայտարարուին:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի հաստատեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան պատասխանատուութիւնն է առեւանգուած բանակայիններու ճակատագիրի բացայայտումին ծառայող որոշում մը տալ:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ Լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին մղած պայքարին մէջ Հըզպալլա գործակից է եւ այդ պայքարի ճամբուն վրայ նահատակներ տուած է:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի օրով է, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը սկսան իրենց դերակատարութիւնը կատարել` լիբանանցիներուն անվտանգութեան հսկելու առումով:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան գերագոյն խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան բանակին զօրակցութիւնը եւ անոր բոլոր կարիքները ապահովելը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավարի խորհրդատու Ուեհպէ Քաթիշա մտավախութիւն յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն ճակատագիրը անորոշ մնայ` աւելցնելով, որ Մարատայի հետ ընտրական համաձայնութիւնը կարելի է:

Նախորդը

Ռուսական Օդուժը Սուրիոյ Մէջ Մէկ Շաբթուան Ընթացքին Ահաբեկիչներու Աւելի Քան Հազար Դիրք Քանդած Է

Յաջորդը

«Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանեան Իշխանութիւններուն Ապահովական Իմաստով Գործակցելու Իրաքի Հետ» Շեշտեց Ամիրի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.