ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կ՛ուզէք կարեւոր բան մը գնել, սակայն գինը ձեր կարողութենէն վեր է: Քիչ մըն ալ սպասեցէք եւ անշուշտ առիթը պիտի ունենաք գնելու: Համբերութեամբ կը յաջողիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ծրագիր մը ունիք իրագործելու, սակայն քաջութիւնը կը պակսի ձեզի: Գործի սկսեցէք, քանի որ ձեր ընտանիքին անդամները ձեզի պիտի օգնեն, որպէսզի այդ գործը յաջողի: Վստահեցէք անոնց:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այսօր ձեր աստղը շատ փայլուն է եւ յաջողութիւն կը խոստանայ ձեզի: Եթէ կարեւոր գործեր ունիք կատարելիք, օրը շատ նպաստաւոր է, յաջորդ օրուան մի՛ ձգէք: Ամէն ինչ օրին կատարեցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Արձակուրդի ընթացքին ձեր ուտելիքներուն կարեւորութիւն չէք տուած եւ հարուստ սնունդ ստացած էք: Հիմա ժամանակն է ուշադրութիւն ընելու եւ ձեր սովորական ուտելիքներուն հետեւելու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բարեկամ մը ձեր օգնութեան պէտք պիտի ունենայ, բայց չի համարձակիր արտայայտուիլ: Դուք պիտի հասկնաք զինք եւ անոր օգնելով` զայն յաջողութեան ճամբուն մէջ պիտի դնէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր ասպարէզին մէջ գործերը դանդաղ կ՛ընթանան. տեղ մը սխալ բան մը ըրած ըլլալու էք: Ձեր տկարութեան պիտի անդրադառնաք եւ անմիջապէս ձեր սխալները պիտի սրբագրէք, եւ գործը լաւ ընթացք պիտի ունենայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այսօր ուրախանալու առիթներ պիտի ունենաք, ձեր բոլոր հոգերը մէկ կողմ դրէք եւ ներկայացած բարիքները վայելեցէք: Երեկոյեան ընթրիքի հրաւէր պիտի ստանաք, որ շատ հաճելի պիտի անցնի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր աշխատավայրին մէջ ճնշումներ կան, ինչ որ ձեզի հաճելի չէ: Միշտ լռելը լաւ չէ: Ձեր դժգոհութինը յայտնեցէք եւ քիչ մըն ալ դուք ձեզ պարտադրեցէք, որպէսզի ձեր իրաւունքները կարենաք պաշտպանել:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ազնուութիւնը չարաչար շահագործողներ կան: Զգուշացէք, որպէսզի ձեզ չշահագործեն: Նոյնիսկ ընտանիքին մէջ ամէն ինչ ձեր վրայ կ՛առնէք: Քիչ մը դուք ձեզ պաշտպանեցէք, որպէսզի չյոգնիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Անտեղի հարցերու կարեւորութիւն մի՛ տաք, որպէսզի կարենաք ձեր ընտանիքը բարձր պահել: Ձեր հեղինակութիւնը շատ կարեւոր է ընտանիքին մէջ: Մի՛ տկարանաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Սիրոյ զգացումը շատ զօրաւոր է ձեր մէջ: Սիրով կը կատարէք ամէն բան եւ փոխադարձաբար սէր կ՛ընդունիք: Ներդաշնակութիւն կայ ձեր կեանքին մէջ, ինչ որ յաջողութիւն կը նշանակէ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր սննդականոնը խախտած էք եւ բնաւ ուշադրութիւն չէք ըրած: Արձակուրդը աւարտած է, եւ դուք պէտք է վերադառնաք ձեր բնական ապրելակերպին, որպէսզի կարենաք ձեր հանգիստը գտնել: