Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Մետաքսի Ճամբան Սուրիայէն Պիտի Անցնի

Յուլիս 31, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱՍԻԱ ԹԱՅՄԶ»

Չինաստան եւ Սուրիա արդէն սկսած են քննարկել յետպատերազմեան ենթակառոյցներու շինարարութեան վերաբերող ներդրումները, յատկապէս` Փեքինի մէջ վերջերս կայացած եւ Սուրիոյ վերակառուցման նուիրուած չինեւսուրիական համագործակցութեան միացեալ ցուցահանդէսին ընթացքին:

Չինեւարաբական գործակցութեան միութիւնը եւ Չինաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատունը վերջերս կազմակերպած էին «Սուրիական օր» ցուցահանդէսը, որ յաջողած էր իր շուրջ խմբել ենթակառոյցներու շինարարութեան համար ներդրումներ ապահովող հարիւրաւոր չին

մասնագէտներ:

Խորքին մէջ այս հաւաքը Ենթակառուցային ներդրումներու Ասիոյ դրամատան (Asia Infrastructure Investment Bank-AIIB) մասնագէտներու փոքր հաւաք մըն էր` ներկայացուած իբրեւ Առաջին միջնորդական

տօնավաճառը` նուիրուած Սուրիոյ վերակառուցման:

Եւ անշուշտ այս հաւաքին պիտի յաջորդեն բազմաթիւ այլ ձեռնարկներ, ինչպէս Դամասկոսի 59-րդ միջազգային ցուցահանդէսը

նուիրուած` Սուրիոյ վերակառուցման, 16-27 օգոստոսին, որուն կը մասնակցին շուրջ 30 արաբական եւ օտար երկիրներ, Չինաստան-

արաբական երկիրներ միացեալ ցուցահանդէսը, յառաջիկայ սեպտեմբերին, Նինչիա Հուի նահանգի Եինկուան քաղաքին մէջ:

Չինեւարաբական գործակցութեան միութեան փոխնախագահ Քին Եոնկ վերջերս յայտարարեց, որ Չինաստան մտադիր է 2 միլիառ տոլար ծախսել

Սուրիոյ մէջ արդիւնաբերական զբօսայգի ստեղծելու նպատակով` չինական 150 ընկերութիւններու համար:

Ոչինչ կրնայ աւելի իմաստ ունենալ, քան` այն իրողութիւնը, որ նախքան Սուրիոյ ողբերգական պատերազմը` այլոց պատերազմը Սուրիոյ մէջ, սուրիացի առեւտրականներ արդէն իսկ գերազանցապէս աշխուժ էին չինական շուկաներու եւ Լեւանթի (Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածի երկիրներ) միջեւ Մետաքսի ճանապարհին վրայ: Չիները քաջ գիտեն, որ Սուրիա կը վերահսկէ հիւսիսային Մետաքսի ճամբուն Եւրոպա եւ Ափրիկէ տանող հատուածը, դեռ` հին ժամանակներէն, հին Մետաքսի ճամբու օրերէն, երբ Փալմիրի վրայով եւ անապատային տարածքէն հետոյ ապրանքները կը հասնէին Միջերկրական եւ ապա Հռոմ ու Եւրոպա: Փալմիրի կայսրութեան անկումէն ետք (273 թուականին) առեւտրականները սկսան գործածել այլ ճամբայ մը` Եփրատ գետի

հոսանքին հակառակ ուղղութեամբ, ապա անցնելով Հալէպէն եւ Անտիոքէն:

Փեքին ծանօթ է միշտ նախօրօք ծրագրելու իր վարքագիծով: Իսկ Դամասկոսի մէջ սուրիական կառավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ շահագրգռուած Մետաքսի Ճամբուն հարցով: Այս

առումով, պատահական չէ, որ Չինաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Իմատ Մուսթաֆա հանդէս եկաւ այն յայտարարութեամբ, որ պատերազմի

աւարտէն ետք ենթակառուցային ներդրումներու եւ վերակառուցման ծրագիրներու գործադրութեան նախապատուութիւնը պիտի տրուի Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ Իրանի:

Նոր Մետաքսի Ճամբան կամ «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» չինական նախաձեռնութիւնը (One Belt One Road-OBOR) անխուսափելիօրէն պիտի

ընդգրկէ սուրիական օղակ-առանցքը, որ կ՛ամբողջանայ շինարարութեան, ներդրումներու եւ դրամատնային գործառնութեանց հմուտ չինական ընկերութիւններուն տալով իրաւաբանական աջակցութիւն` տրամադրուած Սուրիոյ դեսպանատան կողմէ ստեղծուած յատուկ յանձնաժողովին, ինչպէս նաեւ Չինեւարաբական

գործակցութեան միութեան եւ Փեքինի մէջ գործող «Շիժինք» իրաւաբանական ընկերութեան կողմէ:

Տեղ ապահովեցէք ինծի Շանկհայ-Լաթաքիա
բեռնատարին վրայ

Քիչեր կը յիշեն, որ Սուրիոյ պատերազմէն առաջ Չինաստան արդէն տասնեակ միլիառաւոր տոլարներ ներդրած էր Սուրիոյ քարիւղի եւ կազի արդիւնաբերութեան մէջ: Բնականօրէն, պատերազմի աւարտէն ետք, Սուրիա առաջնահերթութիւն պիտի տայ մեծապէս վնասուած ենթակառոյցներու զանգուածային վերակառուցման: Հաւանօրէն Չինաստան ստանձնէ վերակառուցման մէկ կարեւոր մասը` AIIB-ի միջոցով: Այնուհետեւ, ներդրումներ պիտի կատարուին նաեւ գիւղատնտեսութեան, ճարտարարուեստի եւ փոխադրամիջոցներու մէջ` շեշտելով Սուրիոյ կապը Իրաք եւ Իրանի հետ (միւս երկու առանցքային երկիրները` OBOR ծրագրին մէջ):

Կարեւոր է նշել, որ Չինաստան արդէն որոշակի քայլեր առած է Սուրիոյ պատերազմի վերջնական կարգաւորման մէջ ուղղակիօրէն դերակատարութիւն ունենալու ուղղութեամբ` թէ՛ աշխարհաքաղաքական եւ թէ՛ աշխարհատնտեսական մակարդակներու վրայ: Անցեալ տարուընէ սկսեալ Փեքին յատուկ ներկայացուցիչ նշանակած Սուրիոյ համար եւ արդէն մարդասիրական օժանդակութիւն կը տրամադրէ: Պէտք է միշտ ի մտի ունենալ սակայն, որ մշակուած բոլոր ծրագիրները կախեալ են պատերազմի աւարտէն: Եւ հոս թաղուած է «շան գլուխը»:

ՏԱՀԵՇ-ի պարտութենէն, կամ առնուազն անոր քաղաքային կարեւոր կեդրոններու անմիջական կորուստէն ետք, ոչ ոք գիտէ կամ կրնայ նախատեսել, թէ այս ծայրայեղական շարժումը ինչպէ՞ս սպառնալիք կրնայ մնալ Սուրիոյ եւ նոր Մետաքսի Ճամբուն համար:

Քաթար արդէն փոխած է խաղին օրէնքը: Անիկա այսօր աւելի մօտ է Իրանի եւ հետեւաբար նաեւ Դամասկոսի` ի հեճուկս Սէուտական Արաբիոյ, եւ, ի տարբերութիւն մօտիկ անցեալի, Քաթար այլեւս մասնակից չէ վարչակարգ փոխելու փորձերուն: Սակայն տակաւին առկայ են Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ, Իսրայէլի եւ, անշուշտ, Մ. Նահանգներու քաղաքական հակոտնեայ դիրքորոշումները եւ շահերը:

Համպուրկի մէջ վերջերս կայացած Փութին-Թրամփ բանակցութիւններէն բխած հաւանական բեմագրութիւնը, որ չդրսեւորուեցաւ նաեւ արտաքին նախարարներ Լաւրովի կամ Թիլերսընի կողմէ, այն է, որ փաստօրէն ամերիկեան ուժեր կը պատրաստեն ստեղծումը ապառազմականացած գօտիի մը` Կոլանի բարձունքներուն եւ երկրի մնացած մասերուն միջեւ Սուրիոյ հարաւարեւմտեան շրջաններուն մէջ, անշուշտ եթէ հոն յայտարարուած զինադուլը պահպանուի: Այս բեմագրութիւնը շատ ալ իրականանալի չի թուիր ըլլալ: Պէտք է սպասել քանի մը ամիս` գիտնալու համար, թէ այս համաձայնութիւնը վաւերակա՞ն է, թէ՞ ոչ:

Կարեւոր խոչընդոտ մըն է նաեւ Թուրքիոյ հակադրութիւնը քրտական ժողովրդային պաշտպանութեան միաւորներուն: Ի տարբերութիւն կործանարար եւ բաւականին սպասելի պալքանացման բեմագրութեան` Մ. Նահանգներ եւ Ռուսիա միասնաբար կրնան որոշել, որ այս հարցը ձգուի ժամանակին եւ` առանց իրենց միջամտութեան: Այնուհետեւ, մենք անխուսափելիօրէն պիտի դառնանք վկաները Պապ քաղաքի գրաւուած վիճակի երկարատեւ պահպանման` թրքական բանակին կողմէ:

Կարճ, եւ` վերջնական գնահատումով, Սէուտական Արաբիա կը ստանայ ոչինչ, մինչ Իսրայէլ եւ Թուրքիա կ՛արձանագրեն քաղաքական եւ ռազմական որոշ յաղթանակներ: Դժուար է պատկերացնել, թէ Ռուսիա ինչպէ՛ս պիտի կարենայ համոզել կամ նշեալ կարգաւորումները «վաճառել» Իրանի իբրեւ յաղթանակներ: Այնուամենայնիւ, շատ հաւանական է նաեւ, որ Իրան չկարենայ Իրան-Իրաք-Սուրիա-Հըզպալլա առանցքը ամբողջովին կենդանի պահել, բայց վստահաբար պիտի շարունակէ իր սերտ յարաբերութիւնները Դամասկոսի հետ եւ մասնակից պիտի դառնայ նոր Մետաքսի Ճամբու ընդլայնումին:

Հիմնական հարցը այսուհետեւ կարծէք այն է, թէ արդեօք Մ. Նահանգներ պիտի շարունակե՞ն իրենց «Ասատը պէտք է մեկնի» քաղաքականութիւնը եւ պիտի շարունակե՞ն զինել գոյութիւն չունեցող «չափաւորական ապստամբները», կամ արդեօ՞ք Թրամփի առաջնահերթութիւնը պիտի մնայ ՏԱՀԵՇ-ի վերջնական վերացումը:

Չինաստան վստահաբար տուած է իր վերջնական որոշումը` ոգի ի բռին պահպանելու Իրան-Իրաք-Սուրիա եռեակին միասնութիւնը` իբրեւ առանցքային հանգոյց OBOR ծրագրին մէջ:

Կ՛ուզէ՞ք գրաւ դնել Շանկհայ-Լաթաքիա անխուսափելիօրէն զարգացող ճամբու փայլուն ապագային դէմ:

 

 

Նախորդը

«Խնդանք Եւ Խնդացնենք» Գրքոյկին Լոյս Ընծայման Առիթով Հարցազրոյց Փոլ Այանեանին Հետ

Յաջորդը

Վարդգէս Պետրոսեանի Ծննդեան 85-ամեակի Առթիւ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Հեռատեսիլը Կը Տարածէ Ազրպէյճանի Գարշելի Քարոզչութիւնը Ընդդէմ Հայաստանի Եւ Իրանի
Անդրադարձ

Իսրայէլեան Հեռատեսիլը Կը Տարածէ Ազրպէյճանի Գարշելի Քարոզչութիւնը Ընդդէմ Հայաստանի Եւ Իրանի

Փետրուար 4, 2023
Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

Փետրուար 4, 2023
Փոթորիկը Եւ Խաւարը` Ներսը Եւ Դուրսը
Անդրադարձ

Փոթորիկը Եւ Խաւարը` Ներսը Եւ Դուրսը

Փետրուար 4, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In