Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Խնդանք Եւ Խնդացնենք» Գրքոյկին Լոյս Ընծայման Առիթով Հարցազրոյց Փոլ Այանեանին Հետ

July 31, 2017
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Լիբանանահայ յայտնի գործարար եւ բարերար Փոլ Այանեան գեղեցիկ գաղափարը ունեցած է հրատարակելու իր տեսակին մէջ եզակի ու երգիծանքով լի գրքոյկ մը` «Խնդանք եւ խնդացնենք» վերտառութեամբ: Շուտով տեղի պիտի ունենայ  շնորհահանդէսը: Այս առիթով դիմեցինք հեղինակին` մեզի յայտնելու «Խնդանք եւ խնդացնենք»-ի ծնունդին դրդապատճառները:

ՓՈԼ ԱՅԱՆԵԱՆ.- Այս գիրքին համար չորս տարիներ եւ չորս տարբեր լեզուներով հրատարակութիւններէ քաղած եմ երգիծական կտորներ ու բազմատեսակ անեկդոտներ: Այս գիրքին ծախսերը հոգացած եմ եւ լման հասոյթը կը նուիրեմ Համազգային մշակութային միութեան, որուն տպարանին մէջ լոյս տեսաւ գիրքը` հսկողութեամբ Յակոբ Հաւաթեանի: Ինչպէս գիտենք, կ՛ապրինք դժուար եւ անձկալի օրեր, լիբանանահայերը պէտք ունին խնդալու, որպէսզի յաղթահարենք մտահոգութիւնները եւ կեանքի ծանր բեռը:

Մենք բոլորս պէտք ունինք ժպտելու եւ հրճուելու, որպէսզի ելք մը ունենանք այս անել վիճակէն: Այս գրքոյկը պատրաստած եմ, որպէսզի ժպտինք կամ խնդացնենք:

10 յունուար 1998-ին տոքթ. Մատան Քաթարէա ստեղծեց «Լաֆթըր եուկա քլապը», որ 1 մայիսին Հնդկաստանի մէջ տօնեց Խնդուքի միջազգային օրը: Այս կազմակերպութեան մեկնակէտն է համայն աշխարհի մէջ խաղաղութիւն ստեղծել: Ամէն տարի, մայիս 1-ին 105 երկիրներու մէջ յաջողութեամբ կը տօնուի այս ձեռնարկը: Գոյութիւն ունի 6000 ակումբ` համայն աշխարհի տարածքին:

Չարլի Չափլին ըսած է. «Այն օրը, որ կ՛անցնի առանց խնդալու, կորսուած եւ անհամ օր կը սեպուի»: Ուինսթըն Չըրչիլ ըսած է. «Ուրախ սիրտը դեղերու թանգարան է»: Դերասանուհի Օտրի Հեփպըրն ըսած է. «Կը սիրեմ այն մարդիկը, որոնք զիս կը խնդացնեն»: Ամերիկացի համբաւաւոր լրագրող Հակ Սիտի ըսած է. «Ուր որ երթաս, հետդ խնդացնող մը տար»: Աստուած  նոյնիսկ կը սիրէ խնդուքը: Ֆրանսացի հռչակաւոր բանաստեղծ Վոլթեր ըսած է. «Աստուած նոյնիսկ սիրած է կատակերգութիւնը»:

Բարի եկաք խնդուքի եւ ժպիտի աշխարհը: Այս գիրքին մէջ տեղ գտած զուարճալիքները ամէնէն քաղաքավարներն են:

Հ.- Իսկ որո՞նք են, ձեր կարծիքով, խնդալու օգուտներն ու յատկութիւնները:

Փ. Ա.- Խնդալու օգուտներն ու յատկութիւնները հետեւեալներն են.

  1. Խնդացողին տունը բժիշկ չի մտներ:
  2. Սնունդէն աւելի` խնդալու պէտք ունինք:
  3. Կեանքը աւելի գեղեցիկ պիտի ըլլայ, երբ խնդանք: Խնդացնող մարդուն բարեկամները շատ կ՛ըլլան:
  4. Խնդացնողը բժիշկի պէտք չ՛ունենար:
  5. Խնդալը մեր կեանքը աւելի առողջ եւ գեղեցիկ կը պահէ: Սրամիտ մարդը կը սիրուի եւ կը փնտռուի:
  6. Լալու տեղ խնդանք: Խնդա՛, որքան կրնաս, սիրէ՛, որքան որ կ՛ապրիս:
  7. Երբ նեղուած էք, ջղայնացած կամ ընկճուած` միակ լուծումը իմ «Խնդանք եւ խնդացնենք»-ը կարդալն է:

Անիկա թող ըլլայ ձեր ուրախութեան բանալին: Ապրեցէք լաւատեսներուն հետ: Ընկերութիւն ըրէք երջանիկներուն հետ: Ուրախ մթնոլորտը կը հանգստացնէ ջիղերը, եւ դուք պէտք չէք ունենար հանդարտեցուցիչ դեղերու, «Խնդանք ու խնդացնենք»-ը թող ըլլայ ձեր անբաժան ընկերը: Եթէ չխնդաս, պիտի ծերանաս: Խնդալը լաւագոյն մարզանքն է, բոլոր հիւանդութիւններուն դեղն է: Այս  գրքոյկը պահեցէք ձեր տան, գրասենեակին, խանութին, ինքնաշարժին մէջ եւ այլ տեղեր, որպէսզի որեւէ առիթով կարդաք եւ զուարճալի ժամեր անցընէք ձեր շրջանակին մէջ:

Յուսամ, որ այս գրքոյկը ձեզ կը գոհացնէ, եւ ես կ՛արժանանամ ընթերցողներու գնահատանքին` ձեզի մաղթելով առողջութիւն, երջանկութիւն եւ երկար կեանք:

 

 

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան. Երկրորդական Բաժնի Եւ Նախակրթարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն 95-ամեակի Հունձք

Յաջորդը

Նոր Մետաքսի Ճամբան Սուրիայէն Պիտի Անցնի

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.