ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Նոր գործ մը սկսելու մեծ ինքնավստահութիւնը ունիք: ժամանակը շատ յարմար է: Ձեր շրջապատին օգնութեամբ պիտի յաջողիք, եւ նոր հորիզոններ պիտի բացուին ձեր դիմաց: Յաջողութի՛ւն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Արձակուրդի մէջ էք եւ ձեր գործին վերադառնալ կը փափաքիք: Մի՛ շտապէք եւ ձեր արձակուրդը վայելեցէք, որպէսզի կազդուրուած ձեր գործին վերադառնաք: Ամէն բան` իր կարգին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր ընտանիքին անդամները միշտ ձեր կողքին են եւ ձեզ կը քաջալերեն: Անոնց օգնութեամբ դուք շատ յաջողութիւններ պիտի արձանագրէք: Այսուհանդերձ, քիչ մըն ալ ձեր հանգիստի մասին մտածեցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յաջողութեամբ լեցուն օր մը պիտի բոլորէք: Զգացական գետնի վրայ ուշադիր եղէք, ձեզմով հետաքրքրուողներ կան: Պատասխանեցէք անոնց, որպէսզի չզղջաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ծնողք եւ զաւակներ` շինիչ ծրագիրներ պիտի ունենաք: Համաձայնութեամբ յաջողութիւն պիտի գտնէք եւ ձեր գործերը լաւ հիմերու վրայ պիտի դնէք, որ յաջողութեան պիտի առաջնորդէ ձեզ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Արձակուրդի ընթացքին նորութիւններ պիտի ունենաք, հաճելի անակնկալներ ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրացնեն եւ երկար ժամանակ ձեր վրայ տպաւորութիւն պիտի ձգեն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Արձակուրդի ընթացքին ձեր սննդականոնին ուշադրութիւն չէք ըրած: Ժամանակն է այդ բոլորը կարգի բերելու, որպէսզի բարդութիւններու չհանդիպիք: Ամէն բան իր ժամանակը ունի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Երկար ժամանակի անտարբերութենէ ետք դուք պիտի զգաստանաք եւ աշխատանքի պիտի սկսիք: Դուք կրնաք կարճ ժամանակի ընթացքին ձեր լաւագոյնը ի գործ դնել:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ուշադրութիւն ըրէք ձեր ուտելիքներուն, արձակուրդը վերջ գտած է, քիչ մը յաւելեալ մարզանք` ձեր բարեձեւութեան եւ առողջութեան օգտակար պիտի ըլլայ: Առողջ մարմինով աւելի դիւրին է աշխատիլը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նոր գործ մը սկսելու համար օգնութեան պէտք ունիք: Ձեր բարեկամները պատրաստ են ձեզի օգնելու: Անոնց կարծիքին եւ օգնութեան դիմեցէք: Ձեր յաջողութիւնը ակներեւ է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր արձակուրդի մասին կը մտածէք եւ ձեր գործին մէջ կը դանդաղիք: Բնական բան մըն է, անհոգ ձեր արձակուրդը վայելեցէք, որմէ ետք աշխատանքը սիրով պիտի դիմաւորէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր արձակուրդի ընթացքին եթէ նոյնիսկ տեղափոխութիւն մը չընէք, դուք ձեր ծրագիրը պիտի ունենաք եւ ձեր օրերը պիտի տրամադրէք ձեր տնային մանր գործերը կարգադրելու եւ ամէն ինչ պիտի դասաւորէք: