Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Վաւերացուցած Է Ծրարը. Այսուհետեւ Կ՛արգիլուի «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Գործածութիւնը

July 29, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սահմանադրական յանձնախումբէն ետք Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը (խորհրդարանը) երէկ վաւերացուց փոփոխութիւններու ծրարը:

Արդարեւ, ըստ թրքական «Տիքեն» լրատու գործակալութեան, ընդառաջելով թրքական իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւններուն կողմէ խորհրդարանի ներքին կանոնագիրին մէջ  սահմանադրական փոփոխութիւններու առաջարկին, խորհրդարանը վաւերացուց «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրի գործածութեան արգիլման եւ առնչակից փոփոխութիւններու ծրարը: «Արմէնփրես», որ կը հաղորդէ լուրը, նշեալ աղբիւրէն քաղելով իր տեղեկութիւնները կը նշէ, թէ ծրարին դէմ քուէարկած են քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնները:

Նախապէս ընդդիմադիր այս կուսակցութիւններուն երեսփոխանները  սահմանադրական յանձնախումբի նիստին ընթացքին յայտարարած էին, որ քննարկումներ կատարելու մէջ որեւէ իմաստ չեն տեսներ եւ լքած էին սրահը` չմասնակցելով քուէարկութեան:

Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի սահմանադրական յանձնախումբին ներկայացուած օրէնքներուն ծրարը կ՛ենթադրէ պատիժ սահմանել այն երեսփոխաններուն դէմ, որոնք կը վիրաւորեն «թուրք ազգի պատմութիւնն ու համատեղ անցեալը»: Իբրեւ «վիրաւորանք» պիտի ընկալուի «1915 թուականի դէպքերուն մասին» խօսելու ընթացքին «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրոյթին գործածութիւնը: Արգելքը կ՛ընդգրկէ նաեւ խորհրդարանի ամպիոնէն «Քիւրտիստան» եւ «քրտական նահանգներ» եզրոյթներուն գործածութիւնը:

Կը նախատեսուի օրէնքը խախտող երեսփոխանները ժամանակաւորապէս հեռացնել խորհրդարանի աշխատանքներէն, ինչպէս նաեւ պահել աշխատավարձին մէկ երրորդը, որ կը կազմէ մօտ 12 հազար թրքական լիրա (աւելի քան 3 հազար ամերիկեան տոլար):

 

 

Նախորդը

Վիգէն Սարգսեան Մոսկուայի Մէջ Պիտի Տեսակցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

Յաջորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Շիֆի Հետ Կը Գործակցի` Հայաստանի Մէջ Գիտական Նիւթերու Ուսուցումը Զարգացնելու Համար

RelatedPosts

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած  Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան»  Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան» Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ

November 5, 2026
Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ  Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի  Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան,  Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»
Հայկական

Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան, Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.