ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
«Մաթ մալեք ալ արման» (հայոց թագաւորը վախճանեցաւ). այս բառերը վերյիշեցի, երբ վերջերս Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի (ՀՀՀ) պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, գլխաւորութեամբ ՀՀՀ-ի ատենապետ Յակոբ Հանտեանի, այցելեցինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հօր, Պիքֆայայի իր ամառնային նստավայրին մէջ: «Հայոց թագաւոր» որակումը խորապէս տպաւորած էր զիս ու ասիկա նախընթաց մը չէր: Պատմութեան դասերէն ալ իմացած ենք, թէ Բիւզանդիոնի Վաղէս կայսրը եւս «թագաւորն ու հայրապետը համազօր են իրարու» պատասխանած էր այն խորհրդականներուն, որոնք կ՛առաջարկէին Հայաստանէն աքսորել Մեծն Ներսէս հայրապետը: Այս հանգամանքը առաւել եւս շեշտուած էր հայոց պետականութեան անկումէն ետք եւս (1): Աւելի՛ն. յետեղեռնեան շրջանին, ճշգրտօրէն` 1930-ին, տեղակայուած էր Անթիլիասի նստավայրին մէջ:
Այգաբացի թէ երեկոյեան, իր օրհնաբոյր ղօղանջներով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի նստավայրը փարոս մը դարձած էր (եւ է) իր ազգային-հոգեւոր դիմագիծի վերակերպման ու ամրագրման փորձերուն մէջ տուայտող աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի կարեւոր մէկ հատուածին համար (չըսելու համար` մեծամասնութեան համար):
Ժպտերես դիմաւորելով մեզ` Արամ վեհափառ համբերութեամբ կը լսէր մեր կարծիքներն ու առաջարկները: Զրոյցը կեդրոնացած էր ՀՀՀ-ի ծրագիրին, գործունէութեան ու առհասարակ ազգային հոգեմտաւոր կառոյցներուն, երիտասարդութեան ներդրումին, ներազգային իրավիճակին եւ առնչակից հարցերու եւ երեւոյթներու վրայ: Մեզմէ իւրաքանչիւրը խանդավառ էր իր տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները եւ առաջարկները յայտնելու վեհափառ հօր, որուն դէմքին պարզուող ժպիտի ետին զգալի էր խոր անձկութիւն: Անձկութիւն` հայրենական թէ աշխարհասփիւռ «հայաշխարհներու» մէջ տիրող իրավիճակին համար, որ այնքան ալ «վարդագոյն» չէ: Մերթ անցեալի յիշատակներէն դէպքեր վերյիշելով, մերթ զուարճալի կատակներով, վեհափառ հայրապետը կը փորձէր ուրախ տրամադրութիւն ստեղծել, ինչպէս` ընտանիքի մը հայրը, որ կը փորձէ իր զաւակներուն մեղմօրէն տեսանելի դարձնել ընտանիքին սպառնացող մօտաւոր թէ հեռաւոր, տեսանելի թէ անտեսանելի վտանգները:
Վեհափառ հօր հետ զրոյցի ընթացքին մեր նստած դիրքերուն միջեւ հեռաւորութիւնը հազիւ կէս կամ մէկ մեթր էր, սակայն բոլորս ալ յատուկ ակնածանքով ու գուրգուրանքով կ՛արտայայտուէինք: Չէ՞ որ ան «հայոց թագաւորն է»: Նման զգացում ապրած էի փոքր տարիքիս, երբ մօրս հետ զինք սուրճի հրաւիրած դրացուհիին կ՛այցելէինք: Արդարեւ, հազիւ դրան սեմին հասած, մեր դրացուհին մատով նշան ըրաւ, որ լուռ մնանք` մատնացոյց ընելով սեղանին վրայի ձայնագրութեան գործիքը: Աւարտին բացատրեց, թէ կ՛արձանագրէր երջանկայիշատակ Խորէն վեհափառի մէկ պատգամին ձայնասփռումը: Մեր դրացուհիին` տիկին Աղաւնիին «Ասի մեր սրբազան հօր, մեր թագաւորին պատգամն է, գոնէ իր ձայնը լսելով` կ՛օրհնուի մեր տունը» խօսքը տակաւին կը հնչէ ականջիս: Նմանապէս, դպրոցական օրերէս կը յիշեմ, այն խիզախ լուսանկարիչը, որ յաջողած էր ներթափանցել գրաւեալ Հայաստանի նահանգները եւ այցելած` իրենց ինքնութիւնը ծածկող երեւութապէս իսլամացած հայերու, որոնք իրենց բարձերուն տակ պահուած Ս. Գիրքը ցոյց տալով` խնդրած են. «Կը լսենք, որ «դուրսը» մենք թագաւոր ունինք, ինչո՞ւ չի գար եւ մեզ չ՛ազատեր»: Այդ պահուն «կ՛ապրէի», կը զգայի «թագաւոր» բառին խորհուրդն ու կարեւորութիւնը, առաքելութիւնը մեզ` սփիւռքահայերուս եւ համայն հայերուս համար: Իրապէս «թագաւոր» մը, որ իր ուսերուն «կը կրէր» համայն ազգին հոգերը: Փաստօրէն, լիբանանեան պատերազմի ընթացքին, ի շարս այլոց, նաեւ լիբանանահայութեան ալ առաջարկուած էր արտագաղթել ու տեղափոխուիլ հեռաւոր Աւստրալիոյ մէկ անկիւնը` յիշեցնելով յետեղեռնեան առաջին փուլը, երբ Թուրքիա ծածուկ թէ բացայայտ միջոցներով փորձած էր իր «վտարած» հայերը առաւել եւս հեռացնել հայրենիքի սահմանամերձ գօտիներու երկիրներէն ու զանոնք տեղաւորել հեռաւոր աշխարհի մէկ անկիւնը, հայութեան պահանջատիրական ոգին յուսալքելու ակնյայտ, բայց ձախող մէկ փորձով: Օրին, սակայն, լիբանանահայութեան ղեկավարները միաբերան մերժած էին նման առաջարկ` առարկելով, թէ` «այնքան ատեն որ մեր վեհափառ հայրապետը հո՛ս է, մե՛նք եւս հոս ենք ու հոս կը մնանք»: Արհամարհելով տիրող պատերազմական «ճատրակի խաղերն ու անտառի օրէնք»-ի մահասփիւռ աւերը, լիբանանահայութիւնը, հայութի՛ւնը իր ճակատագիրը կապած էր վեհափառ հօր ճակատագրին: Պերճախօս վկայութիւն մը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի վայելած (ու վայելող) առաջնորդող հանգամանքին, անոր ազգին պե՛տը ըլլալու անհերքելի իրողութեան, ինչպէս իրաւամբ կը նշէ Արամ Ա. վեհափառ, վերջերս լոյս տեսած իր անգլիատառ «Հայոց եկեղեցին» («Տի Արմինիըն Չըրչ») խորագրեալ գիրքին մէջ(2):
Վեհափառ հօր հետ մեր զրոյցի ընթացքին ակներեւ էր անոր մտահոգութիւնը` ներազգային թէ արտաքին ճակատներու վրայ ցցուող մարտահրաւէրներով:
Ներքին ճակատներու վրայ զգալի է երիտասարդութեան, յատկապէս` մասնագէտ մարդուժի հեռաւորութիւնը ազգային հասարակական կեանքէն: Երիտասարդութիւնը ընդհանուր առմամբ անհաղորդ է ազգային հարցերու հետապնդման ճիգերուն, յարգելով հանդերձ բացառութիւնները: Իսկ գործող առկայ կառոյցները գրեթէ «ժանգոտած» են, ինչպէս կը դժգոհէր վեհափառ հայրը: Մակերեսայնութիւնը, տեղայնացումը, նիւթապաշտութիւնը տիրական չափանիշ դարձած է միջհայկական վերաբերմունքի ընթացքին ընդհանրապէս: Երիտասարդ, մասնագէտ մարդուժի կարիքը հիմնական եւ հրամայական պահանջ դարձած է ու անոնց ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը` հիմնական մարտահրաւէր:
Արտաքին ճակատներու վրայ եւս կացութիւնը այնքան ալ խրախուսիչ չէ: Համաշխարհայնացման, համարկումի կլանող երեւոյթը, արհեստագիտական յեղաշրջումի «օրը նոր, գիւտը նոր» զարգացումները, երկսայրի սուրի նման, որոշ չափով դիւրացնելով հանդերձ կեանքի, ապրուստի կենցաղային ու յատկապէս հաղորդակցութեան պայմանները, անոնք սակայն կը սպառնան խախտել աւանդական այն բարքերն ու արժէքները, որոնց վրայ խարսխուած է փոքրամասնութիւններու (որոնց կարգին` հայութեան) գոյատեւման ճակատագիրը:
Նմանապէս, օրէ օր աւելի խորացող, 1915-էն ի վեր, հայրենազրկման սպին, գրաւեալ հայրենիքի վերատիրացման պահանջատիրական ոգին հետզհետէ տեղի կու տայ «սփիւռքներու» կլանող ու մաշեցնող տեղայնացման, օտարացման, ձուլման: Ու հո՛ս է, որ իսկական ախտաճանաչումը կատարուեցաւ, երբ Արամ Ա. վեհափառ յանդգնութիւնը ունեցաւ նախ թուրքին եւ համա՛յն աշխարհին դէմ բարձրացնել տակաւին գրաւեալ ազգային եկեղեցապատկան կալուածներու պահանջատիրական ազդանշանը` սկսելով Սիսի երբեմնի կաթողիկոսական նստավայրէն: Ազդանշան, որ ցնցեց ու սթափեցուց միաժամանակ հայն ու թուրքը: Սթափեցուց օտար ափերու վրայ հասակ առնող հայ երիտասարդութիւնն ու առհասարակ հայութիւնը եւ այդ հարցը «ընդմիշտ փակած» երազող թուրքը: Սթափեցուց այնպէս, ինչպէս` անցեալին, 1878-ին, Խրիմեան Հայրիկ իր «Երկաթէ շերեփ»-ի պատգամով սթափեցուցած էր հայութիւնը` տէր կանգնելու իր ազգային պահանջատիրութեան երթին:
Արծարծուած այս մտահոգութիւնները մղեցին խորհրդածելու, թէ իրապէս ինչի՛ մէջ կը կայանայ ազգային հոգեմտաւոր կառոյցներու դերն ու առաքելութիւնը: Կառոյցներ, որոնցմէ մէկն է Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումը (ՀՀՀ), եւ որուն հիմնական նպատակներէն է` համախմբել հայ համալսարանաւարտ մտաւորական ընտրանին եւ խթանել զայն` իր առաւելագոյն ներդրումը բերելու ազգային վերելքի գործընթացին մէջ: Երիտասարդութեան ու առհասարակ ժողովուրդի ազգային-մտաւորական խոյանքին թեւ ու թռիչք տալու կողքին նաեւ այդ կառոյցները հոգեմտաւոր պատնէշներ կարելի է նկատել երիտասարդութեան սպառնացող ախտավարակ երեւոյթներուն դէմ (թմրամոլութիւն, թուլամորթութիւն, սայթաքումներ…): Երիտասարդութեան գաղափարական հէնք ու կազմաւորում «ձուլող» շրջուն ամրոցներ:
Այս կառոյցներու կողմէ առաջադրուող ու կազմակերպուող ազգային մտահոգութիւնները հաւաքաբար ու բարձրաձայն, քննական մօտեցումով արծարծելու, քննելու կոչուած «թինք-թենք»-ի հաւաքները նոյնքան կարեւոր ներուժ կը խթանեն յետեղեռնեան հայութեան ազգային ուղեգիծ ու վարքագիծ դարձած հայապահպանման գծով:
Արտաքին ճակատի վրայ եւս ազգային, հոգեմտաւոր այս կառոյցները իրենց զգալի ներուժն ու դրոշմը ունին ազգային պահանջատիրութեան ոգիի աշխուժացման ու արդիւնաւորման գծով:
Ի՜նչ խօսք, որ այդ կառոյցները նոյնքան հանգամանաւոր դեր ունին արտագաղթի ու արտաքին (թրքական եւ ազրպէյճանական) թշնամական սպառնալիքներուն տակ կքելու վտանգին ենթակայ` վերանկախ Արցախի ու հայրենիքի ամրագրման գծով: Վերջին քառորդ դարու հայրենիք-սփիւռք «մայրուղիին» վրայ պարզուող աննախընթաց եռուզեռը պերճախօս վկայութիւն է, ուր իրենց անհերքելի ներդրումն ու դրոշմն ունին ազգային հոգեմտաւոր այդ կառոյցները:
Էականը, սակայն, այս բոլորը արդիւնաւորելն է, յարատեւ ու միասնական ճիգերով:
Չյուսալքուիլ ու չկքիլ` առարկայական թէ ենթակայական պայմաններու եւ ազդակներու ճնշումներու հեւքին տակ:
———————————————————————-
(1) Քաղաքական պայմաններու բերումով, զանազան տեղափոխումներէ ետք, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի յաջորդներու եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ նստավայրը 1293-ին դարձած էր Կիլիկիոյ մայրաքաղաք Սիսը ու հոն գոյատեւած մինչեւ 1921, հակառակ Էջմիածնի մէջ 1441-ին կաթողիկոսական նոր նստավայրի հիմնումին:
(2) The Armenian Church, 2017, Armenian Catholicosate of Cilicia, Antelias, Lebanon, p. 54: