Յ. Տ. ՅՈՒՍԻԿԵԱՆ
Հինգ դաշնակցական «խենթ» տղաներ,
Հայկեան աղեղէն արձակուած նետեր:
Արա, Վաչէ, Սեդրակ, Սարգիս եւ Սիմոն,
Լիբանանէն մէկիկ-մէկիկ հասան Լիզպոն…
Վասն Հայ դատին եւ արդարութեան,
Իմացեալ մահը իրենց նշանաբան
Ընտրեցին ճամբան նահատակութեան…
Յուլիս ամսուն քսանեօթին,
Խանասորի յիշատակին,
Հինգ կտրիճներ գրոհ տուին,
Թուրքին դեսպանատունը գրաւեցին…
Սարսռաց յանկարծ աշխարհն արար,
Սարսափեցան դատաւորներն անարդար,
Բազում քծինք, սին խոստումներ անհատոյց,
Մեր տղաներուն «Պանք Օթոման»-ը յիշեցուց…
Հինգ անձնուրաց տղոց կամաւոր բանակ,
Կապած էին գօտիք, լիքը ուժանակ,
Պայթեցան, պայթեցուցին,
Դաժան մահը պինդ գրկեցին…:
Հայ դատին, վաղուց փակուած`
Թղթածրարը բացին: