
Ռուսիոյ դաշնային խորհուրդը վաւերացուցած է Հայաստանի հետ երկու երկիրներու զինուած ուժերու միացեալ խմբաւորման մասին համաձայնագիրը: Այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Յիշեցնենք, որ համաձայնագիրը ստորագրուած է 30 նոյեմբեր 2016-ին, Մոսկուայի մէջ: