Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Հայ-Հնդկական Յարաբերութիւններու Ներուժը Տակաւին Չենք Կրցած Լաւագոյնս Օգտագործել»

July 19, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեանին Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու օրակարգի, հեռանկարային մարզերու մէջ փոխադարձ գործակցութեան զարգացման եւ խորացման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն վերաբերեալ երէկ  զեկուցած է Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Մարտիրոսեան:

Հանրապետութեան նախագահին մօտ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան տնտեսական բաղադրիչին նուիրուած հերթական այս հանդիպումին մասնակցած են Հնդկաստանի հետ համագործակցութեան ներուժ ունեցող եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող մարզերը համակարգող շահագրգիռ նախարարութիւններու ղեկավարները:

Ընդգծելով, որ Հայաստանը եւ Հնդկաստանը այս տարի կը նշեն դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը, հանրապետութեան նախագահը այդ յոբելեանը լաւ առիթ նկատած է ամփոփելու ձեռքբերումները եւ նախանշելու հայ-հնդկական յարաբերութիւններու` յատկապէս անոնց տնտեսական բաղադրիչի ընդլայնման կարելիութիւնները: Նախագահին համոզումով, անոր համար առկայ են բոլոր նախադրեալները, քանի որ անցեալ տարիներուն  ընթացքին երկու երկիրները յաջողած են պատմական խոր արմատներ ունեցող բարեկամական յարաբերութիւնները վերածել միջպետական ջերմ եւ գործընկերային յարաբերութիւններու:

«Հակառակ հայ-հնդկական բարձր մակարդակի յարաբերութիւններուն, իսկ այդ յարաբերութիւնները հիմնուած են ամուր պատմական կապերու եւ աւանդութիւններու վրայ, այսուհանդերձ, կը կարծեմ, որ մենք այդ յարաբերութիւններուն ներուժը տակաւին չենք կրցած  լաւագոյնս օգտագործել:

Հնդկաստանը աշխարհի ամէնէն արագ զարգացող տնտեսութիւններէն  մէկն է, եւ անհրաժեշտութիւն է այդ երկրին հետ մեր յարաբերութիւններու, նախ եւ առաջ` տնտեսական յարաբերութիւններու  խորացումը: Վստահաբար, այդ գործին մէջ շատ մեծ կարեւորութիւն ունի Հայ-հնդկական միջկառավարական յանձնախումբին աշխատանքը, որուն օրակարգը, անշուշտ, պէտք է թարմացնել նոր եւ թիրախային հարցերով, որոնք պէտք է ըլլան բազմազան` համագործակցութիւն տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզէն սկսեալ մինչեւ գիւղատնտեսութեան մարզ, ադամանդագործութիւն, զբօսաշրջութիւն: Ունինք լաւ օրինակներ, եւ այստեղ յատկապէս կ՛ուզեմ նշել Երեւանի պետական համալսարանին մէջ գործող հայ-հնդկական տեղեկատուական եւ հեռահաղորդակցութեան արհեստագիտութեան գերազանցութեան կեդրոնը, որ շատ մեծ աշխատանք կը կատարէ:

Կը կարծեմ, որ մենք ունինք շատ մեծ կարելիութիւններ համագործակցելու ադամանդագործութեան, ոսկերչութեան մարզերուն մէջ, եւ պէտք է շարունակենք մեր աշխատանքը այս ուղղութեամբ:  Անշուշտ, մենք շատ մեծ ներուժ ունինք նաեւ գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ:

Անպայման պէտք է զգալի աշխատանք տանինք զբօսաշրջութեան զարգացման գործին մէջ: Հսկայական բնակչութիւն ունեցող այդ երկիրը զբօսաշրջութեան մարզին մէջ եւս մեծ ներուժ ունի», ըսած է հանրապետութեան նախագահը:

Դեսպան Մարտիրոսեանի զեկուցումի քննարկման լոյսին տակ հանրապետութեան նախագահին կողմէ տրուած են շարք մը  յանձնարարականներ, որոնք պիտի ներառուին նաեւ Հայ-հնդկական միջկառավարական յանձնախումբի օրակարգին մէջ:

Նախորդը

Հայաստան Յատուկ Ճիգ Պէտք Է Գործադրէ, Որ Առիւծի Բաժինը Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Չունենան

Յաջորդը

Նախարարներ Վիգէն Սարգսեանն Ու Լեւոն Մնացականեանը Այցելած Են Զինուորական Յենակէտեր

RelatedPosts

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը  Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին»  Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը

October 24, 2026
Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները  Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման  Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան  Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը
Հայկական

Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը

October 24, 2026
Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի  Եւ Հայաստանի Միջեւ  Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»
Հայկական

Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.