ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ծառայասէր էք եւ ո՛չ մէկը կը մերժէք. ձեր այս նկարագիրը անշուշտ լաւ է, սակայն պէտք չէ ձեզ շահագործեն: Երբեմն մերժել գիտցէք, որպէսզի ձեր բեռը չծանրանայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Երկար արձակուրդէ մը ետք կը վերադառնաք ձեր գործընկերները ուրախութեամբ պիտի դիմաւորեն ձեզ, ձեր ներկայութիւնը շատ կարեւոր է անոնց համար: Միշտ մթնոլորտ կը ստեղծէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Զանազան առիթներ ներկայացած են ձեզի` հանգիստ կեանք մը ունենալու համար, սակայն դուք անտարբեր մնացած էք: Ուշքի եկէք եւ նոր առաջարկները ընդունեցէք, որպէսզի դժուարութեան չմատնուիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գործունեայ էք եւ բնաւ հանդարտ մնալ չէք սիրեր: Ձեր ասպարէզին մէջ նորութիւններ պիտի ունենաք, որոնք սիրայօժար պիտի ընդունիք: Այս նոր գործընթացը ձեր ապագան պիտի բարելաւէ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Օտար երկրէ մը գործ մը պիտի առաջարկուի ձեզի. լաւ մտածեցէք եւ ճամբայ ելէք: Այս նոր գործը կրնայ ձեր ապագան հարստացնել եւ նոյնիսկ կրնաք օգտակար ըլլալ ձեր ընտանիքին անդամներուն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր ասպարէզին մէջ հետաքրքրական առաջարկներ պիտի ստանաք: Լա՛ւ սերտեցէք եւ դուք ալ ձեր կարգին պայմաններ դրէք եւ այդպէս ընդունեցէք: Յաջողութիւն ձեզի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ուշադրութի՛ւն… մեծ արկածախնդրութիւն մը պիտի ապրիք: Երեկոյթի մը ընթացքին պիտի հանդիպիք ձեր կեանքի ընկերոջ, որուն բնաւ չէիք սպասեր: «Դուն քուն, բախտդ արթուն», կ՛ըսէ առածը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Լաւատես էք եւ շատ յոյսեր ունիք ապագային նկատմամբ: Ձեր այս նկարագիրը արդէն ձեզ յաջողութեան կ՛առաջնորդէ: Աստղերը արդէն լաւագոյնը ծրագրած են ձեզի համար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընկերային կեանքին մէջ բարձր տեղ մը գրաւած էք: Ձեր ընկերները միշտ ձեր կարծիքին կը դիմեն եւ անոնք յուսախաբ չեն ըլլար: Ամէն ինչ ուսումնասիրելով կը կատարէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պատրաստ եղէք հրաւէրի մը եւ մի՛ մերժէք: Երեկոյեան ընթրիք մը շատ բաներ կրնայ յառաջացնել, նաեւ կարճ ճամբորդութիւն մը կը նախատեսուի ձեզի համար:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ժամադրութիւն մը պիտի առաջարկուի ձեզի: Պատճառաբանութիւններ մի գտնէք եւ ընդունեցէք մանաւանդ եթէ ամուրի էք: Այս հանդիպումով կրնաք ձեր ապագան կերտել:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ընտանեկան կատարեալ մթնոլորտ մը կը տիրէ, եւ ամէն անձ իր գործին գիտակցութիւնը ունի: Ընտանիքով արձակուրդ մը պիտի ունենաք, ուրկէ բարձր տրամադրութեամբ պիտի վերադառնաք: